Ուզպեքիստան. Թաշքենտի Կարծր Մօտեցումը` Սեղմելու Թրքական Մեղմ Ուժը
Կրօնը սեպ մըն է, որ Ուզպեքիստանն ու Թուրքիան իրարմէ կ՛անջատէ:
Վերջին ամիսներուն Ուզպեքիստանի առաջնորդները սաստկացուցին արշաւ մը` զսպելու, հակակշռելու համար իրենց երկրին մէջ թրքական տնտեսական եւ մշակութային ազդեցութիւնը:
Այս արշաւին առաւել նշանաւոր բաղադրիչը եղած է վերջին երկու տարիներուն ընթացքին 54 թուրք գործարարներու ձերբակալութիւնը եւ առնուազն թրքական առեւտրական 50 ձեռնարկութիւններու փակումը: Բացի ատկէ, նախագահական վարչակարգը փետրուարի վերջաւորութեան հրահանգեց պետական բոլոր պատկերասփիւռի ալիքներուն` դադրեցնել սփռումը թրքական զաւեշտներու, պատճառաբանելով, թէ ատոնք «անպատշաճ» են ուզպեք ակնդիրներուն համար: Թուրքիոյ կողմէ ֆինանսաւորուած դպրոցները եւս փակել հրահանգուեցաւ:
Թաշքենտի գործողութիւններուն ետին կը գտնուի աճող անվստահութիւնը Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) իսլամական արեւելումին հանդէպ:
Կարծէք թէ Ուզպեքիստանի նախագահ Իսլամ Քարիմովի կառավարութիւնը մտահոգ է, որ ԱԲԿ կ՛աշխատի ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւս Կեդրոնական Ասիոյ թրքալեզու պետութիւններուն մէջ նպաստել իսլամական բարեպաշտութեան ծաղկումին: Թաշքենտ մասնաւորաբար կը կասկածի, որ ԱԲԿ ձեւով մը կը դրդէ իսլամական միսիոնարական շարժում մը` առաջնորդութեամբ թուրք աստուածաբան Ֆեթուլլա Կիւլենի, որուն գաղափարները արմատաւորուած են 20-րդ դարու կիսուն Պետիուզաման Սայիտ Նուրսիի կողմէ ընդունուած հասկացողութիւններու, պատկերացումներու մէջ: Թէեւ երեւութապէս` ոչ վայրագ, Կիւլեն շարժումը արգիլուած է Ուզպեքիստանի մէջ, երկիր մը, որ կրօնական արտայայտութեան բոլոր ձեւերը կը պահէ կառավարութեան խիստ հսկողութեան տակ: Կիւլեն շարժումին հետեւորդները ճանչցուած են իբրեւ նուրքուս:
Թաշքենտ եւ Անգարա յարաբերութիւններու ծաղկում մը վայելեցին 1990-ականներու սկիզբը, երբ Թուրքիա կը ձգտէր հաղորդակցիլ, կապուիլ Կեդրոնական Ասիոյ նորանկախ «Թրքալեզու» հանրապետութիւններուն հետ: Բայց յարաբերութիւնները սկսան վատթարանալ, երբ Անգարա մերժեց արտայանձնել Քարիմովի քաղաքական հակառակորդները, որոնք Թուրքիա ապաստանած էին` փախչելով անոր աճող ամբողջատիրական իշխանութենէն:
«Ուզպեքիստան Թուրքիան մեղադրեց Ուզպեք ահաբեկիչները պատսպարելուն եւ Ուզպեքիստանի մէջ արգիլեալ կրօնական ընդյատակեայ խմբակները հովանաւորելու համար», ըսաւ Թաշքենտ տեղակայուած լրագրող մը, որ ապահովական մտահոգութիւններով չուզեց անունը հրապարակել: Ան կը մասնագիտանայ Ուզպեքիստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու ճիւղին մէջ:
Թրքական առեւտրական ձեռնարկութիւնները փակելու Ուզպեքիստանի արարքը իր մէջ կրօնական ակներեւ ուղղութիւն մը ունի: 2011-ի վերջաւորութեան մեղադրուած թուրք գործարարներէն շատեր 2-3 տարուան ազատազրկման վճիռներ ստացան, եւ անոնց սեփականութիւնները գրաւուեցան: 54 գործարարներէն 12-ը ներում ստացած եւ երկրէն արտաքսուած են:
Հետապնդման ընթացքին պետութեան հսկողութեան տակ գտնուող պատկերասփիւռի ալիքները սփռեցին այնպիսի յայտագիրներ, որոնք յստակօրէն պատրաստուած էին հակաթուրք զգացումներ հրահրելու համար: Օրինակ, փետրուարի վերջաւորութեան վաւերագրական ժապաւէն մը` «Ոճիր եւ պատիժ» խորագիրով, որ սփռուեցաւ պետական երկու կայաններէ, վստահեցուց, որ ձերբակալուած գործարարները օգտուած են` «Մեր երկրի ներդրումային բարենպաստ կլիմայէն եւ տնտեսական ոճիրներ գործած են, ներառեալ` կեղծուած ապրանքներու առեւտուր եւ անազնիւ հաշուապահութեան օգտագործում` շահոյթը թաքցնելու համար»: Վաւերագրական ժապաւէնը (որ կը պարունակէր մեղադրուածներէն ոմանց խոստովանութիւնները) կը հաստատէր, թէ ձերբակալուած գործարարներէն ոմանք առնչուած են Կիւլեն շարժումին:
Բացի կրօնական տարրէն, կը թուի, թէ կառավարական փտածութիւնը գործօն մըն է արշաւին մէջ, կը պնդեն որոշ դէտեր: Թաշքենտ տեղակայուած ելեւմտական հարցերու վերլուծաբան մը կը կասկածի, որ թրքական շահերու վրայ յարձակումները կրնան մէկ մասը ըլլալ գոյքի, ինչքի վերաբաշխման շարունակուող հոլովոյթին, որ սկսած է 2010-ին: Այդ տարին իշխանութիւնները մեծ թիւով արտասահմանեան եւ տեղական առեւտրական ձեռնարկութիւններ փակեցին, ներառեալ` զուիցերիական Զերոմաքս ընկերութիւնը, եւ բանտարկեցին աւելի քան տասնեակ մը տեղացի գործարարներ եւ գրաւեցին անոնց գոյքերը:
Շատեր կը հաւատան, որ թուրք գործարարները կրնան պատժուիլ իրենց շահոյթը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ չբաժնելու համար:
«Մեր երկրին մէջ գործարարները կաշառք պէտք է տան, եթէ կ՛ուզեն իրենց առեւտուրը շարունակել», ըսաւ ելեւմտական հարցերու մասնագէտը: Փակուած ձեռնարկութիւններէն են` «Տեմիր» եւ «Թիւրքուազ», Թաշքենտի ամէնէն մեծ առեւտրական երկու կեդրոնները:
«Թուրքերը սեփականատէր էին շահութաբեր վաճառատուներու, ինչպէս` «Թիւրքուազ»-ը, եւ այս հանգամանքը երկար ատենէ անոնց մրցակիցներուն նախանձը կը հրահրէր», ըսաւ Թաշքենտ բնակող խանութպան մը, ըստ որուն, «մրցակիցները» բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ անոնց ընտանիքներն են:
Հարցազրոյցի մը մէջ ուզպեք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը հերքեց այն պնդումները, թէ կառավարութեան գործողութիւնները քաղաքական դրդապատճառներ ունին: Ան ըսաւ, որ բացի թուրքերէն, համատեղ ձեռնարկութիւններ Զուիցերիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Իրանէն ներդրողներու հետ, պատժուած են ֆինանսական անճշդութեան համար: (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դրամագլուխով գործող կահոյքի «Քոմֆորթ-էլիթ» վաճառատան սեփականատէրերը նոյնպէս կը դատուին, ապօրինի առեւտուրի եւ տուրքերէ խուսափումի յանցանքին համար):
Թուրքիոյ կառավարութեան հակազդեցութիւնը, արձագանգը հրապարակաւ խլացուած է: Բայց հոկտեմբերին Թուրքիոյ խորհրդարանը Ուզպեքիստանը չներառեց ցանկին մէջ այն երկիրներուն, որոնց հետ կը ծրագրէ խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբեր կազմել: Ցանկին մէջ ներառուած են ԿԵդրոնական Ասիոյ միւս չորս հանրապետութիւնները:
Թրքական հաղորդամիջոցներն ու գործարարները մինչ այդ զայրացած են Թաշքենտէն:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ (փետրուար) Վահիտ Կիւնես` «Թիւրքուազ» խումբի սեփականատէրերէն մէկը, որ Ուզպեքիստանի մէջ վաճառատուներու վեց համալիրներ ունի, եւ որ 9 ամիս բանտարկուեցաւ եւ ապա արտաքսուեցաւ, ըսաւ, թէ Թաշքենտի մեղադրանքները անհիմն էին:
«Ուզպեքիստանի իշխանութիւնները անօրէն ձեւով գրեթէ 60 միլիոն տոլար բռնագրաւեցին», ըսաւ ան:
Ռիզա Նուր Մերալ, որ ԹՈՒՍՔՈՆ-ի (Թուրքիոյ գործարարներու եւ արդիւնաբերողներու համադաշնակցութիւն) նախագահն է, «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին փետրուարի վերջաւորութեան ըսաւ, որ` «թուրք առեւտրականներու հետ այս սխալ վերաբերմունքը անմիջապէս պէտք է դադրի»:
Թաշքենտի մէջ վերլուծաբաններ կը վախնան, որ այս աղմուկը կրնայ վնասել Ուզպեքիստանի տնտեսութեան, թրքական ընկերութիւններ տիրական, յայտնի են Ուզպեքիստանի ճարտարարուեստի տարբեր մարզերու` հիւսուածեղէնի, սննդամթերքի արտադրութեան, դեղորայքի, կերպընկալ նիւթերու, շինարարութեան եւ պանդոկներու սպասարկութիւններու մէջ: Ըստ թրքական լրատու աղբիւրներու հաղորդումներուն, 1992-2010 թուականներու միջեւ թրքական շինարարական ընկերութիւնները շուրջ 1,8 միլիառ տոլար ծախսած են Ուզպեքիստանի մէջ, եւ երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի արժէքը 2010 թուականին անցած է 1 միլիառ տոլարը:
«Բազմաթիւ ուզպեքներ, որոնք կ՛աշխատէին թրքական ձեռնարկութիւններու մէջ, կորսնցուցին իրենց եկամուտը», ըսաւ Թաշքենտի բնակիչ մը: Ան նաեւ նշեց, թէ բազմաթիւ ուզպեքներ զայրացած են, որ կառավարութիւնը արգիլած է պատկերասփռումը թրքական զաւեշտներու, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին: Բայց շատեր կը վախնան հրապարակաւ արտայայտելու իրենց դժգոհութիւնը` զգուշանալով հակադարձութենէ, հատուցումէ, աւելցուց ան:
Առնուազն մէկ մարզ ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ, որ ազդուած է այս սառոյցէն. անվտանգութիւնը: Փետրուարի վերջաւորութեան Միջազգային համագործակցութեան եւ համակարգումի թրքական գործակալութիւնը, Անգարայի բարգաւաճման թեւը, յայտարարեց, որ ինք պիտի հովանաւորէ վարժանքներու չորս դասընթացքներ` Ուզպեքիստանի ապահովական ուժերուն համար: Դասընթացքները մշակուած են` բարելաւելու կարողութիւնները կազմակերպուած ոճրագործութեան դէմ պայքարին մէջ:
«Թէեւ Թաշքենտ չի վստահիր Թուրքիոյ իսլամական կառավարութեան, սակայն ջերմ յարաբերութիւններ ունի թրքական ապահովական ուժերուն հետ, ըսաւ Թաշքենտ տեղակայուած լրագրողը: Ապահովական կապերը ամուր կը մնան, որովհետեւ Թաշքենտ կը հաւատայ, որ Թուրքիոյ զինուորականութիւնը աշխարհիկ կարգերու կողմնակիցներուն հակակշիռին տակն է:
«ԵՈՒՐԷՅԺԻԱՆԷԹ»

