ԼՕԽ-ի «Անի» Մասնաճիւղի 40-Ամեակի Փառաշուք Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 10 մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Զալքայի «Մշրապիէ» ճաշարանին մէջ փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40-ամեակը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Սալբի Թորիկեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը:

Բացման խօսքին մէջ ատենապետը հակիրճ ձեւով ներկայացուց ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին գործունէութիւնը, ան ներկաներուն փոխանցեց, թէ «Անի» մասնաճիւղը հիմնուած է 1972-ին, Նահր Մոթի շրջանին մէջ: Քառասուն տարիներ առաջ խումբ մը նուիրեալ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ գործի լծուեցան անձուկ վիճակի հայորդիներուն նեցուկ ըլլալու եւ անոնց առօրեան դիւրացնելու: Վարչութիւնները շարունակաբար իրարու յաջորդեցին, կարգ մը ընկերուհիներ առյաւէտ մեկնեցան, որոնց այսօր պարտքը կը զգանք յարգանքի տուրք մատուցելու, ուրիշներ երկար ծառայեցին եւ նոր վարչականներու փոխանցեցին գործը, նորագիրներ եկան եւ ահա երկար ճամբայ քալած, քանի մը ամեակներ տօնած, բազում աշխատանքներ տարած «Անի» մասնաճիւղը այսօր իր 40 տարին կը թեւակոխէ: Պէտք է թիկունք կանգնիլ, նոր ուժ ներարկել, անվարան մղում տալ անոր` միշտ աշխուժ ու գործունեայ պահելու համար զայն:

Ընկերուհին բարձր գնահատեց մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներուն նուիրեալ ու մեղուական գործունէութիւնը եւ շնորհաւորեց ու մաղթեց, որ ապագայ սերունդները, մնալով հաւատարիմ ԼՕԽ-ի հայապահպանման առաքելութեան, նոյն ուղիով գործեն ու հասնին նորանոր յաջողութիւններու: Ապա ան հրաւիրեց շրջանի վարչական ընկերուհիներէն` Սեւան Կարապետեան-Ադամեանը, որպէսզի վարէ ձեռնարկը եւ իր գեղեցիկ ու հրապուրիչ ձայնով խանդավառէ մթնոլորտը մերթ ընդ մերթ աշուղական եւ տոհմիկ երգեր երգելով, նաեւ` մէջբերումներ ընելով: Ան իր կարգին ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիրը` հերթաբար հրաւիրելով հայրենի դաշնակահար Կարինէ Կակոսեանը եւ շուիահար Կարօ Սվաքճեանը: Ապա հրաւիրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիւզան Օհանեանը, որ իր կարգին բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի սրբազան առաքելութիւնն ու ազգապահպանման գործը, ինչպէս նաեւ` ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն բերած ներդրումը այս պանծալի կազմակերպութեան, որոնք յոյսի ու լոյսի դուռ կը բանան գալիք բոլոր սերունդներուն:

Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սիլվա Գանգրունի` ասմունքով եւ Սեւան Հապիպ` երգով, որ իր հմայիչ ձայնով հրապուրեց ներկաները:

Share this Article
CATEGORIES