Համազգայինի Պարարուեստի Դպրոցին Ծաղիկը. «Քնար» Պարախումբը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակոյթի կեդրոնի գեղարուեստական յայտնաբերումները ծաղկուն պարտէզի մը հմայքը ունին: Մամուլը գրական ու լսատեսողական արտայայտութիւններով կ՛արձագանգէ իրագործուած աշխատանքներուն` հանրութիւնը տեղեակ պահելով ձեռք բերուած յաջողութիւններուն: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի նուաճումներուն մասին ուրախութեամբ հետեւեցանք: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի վերելքին եւ ծափահարելի գործունէութեան վերաբերեալ նորագոյն իրագործումները պարծանքով դիմաւորուեցան: Թատերական մարզը արդէն հանդիսականին ներկայացած է իր թատերախաղերու նորութիւններով` նոր ուժերու մասնակցութեամբ փայլելով: Այսօր հերթը պարարուեստի բաժանմունքին ստեղծած խանդավառ մթնոլորտը մեզ կը ստիպէ գնահատական տրամադրութենէ անդին անցնելու եւ յայտնելու մեր հիացումը այս պարագային «Քնար» պարախումբին եւ անոր պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեանին:

«Լա Սաժես» հանդիսասրահը լեցուն է ուրախ հանդիսականներով: Ուրբաթ, 11 մայիս 2012-ի երեկոյեան մեր կարգին ներկայ ենք եւ կը սպասենք պարային ներկայացման: Սրահը զովացուած է գերաստիճան սառնութեամբ, բայց մեր սիրտերը ջերմութեամբ զեղուն` կը սպասենք վարագոյրի բացման, որ պատրաստ է արդէն բեմական յարդարանքով ընդունելու պարի մեր վարպետները: Բեմը բաց է արդէն, սիրտերու ջերմութիւնը կը նուաճէ սրահին ջերմաստիճանը, ու ամէն ինչ կարգին ըլլալով` կը հնչէ հանդիսութեան սկիզբը յայտարարող փողային ազդը: Ու բեմը կը թնդայ…

«Ու նայիրեան աղջիկների
Հեզաճկուն պարն եմ սիրում»
Ե. ՉԱՐԵՆՑ

Պարերու հեղեղը կը յորդի. «Զոյգ պար», «Հնձուորներ», «Մախմուր աղջիկ», եւ թեման կը շարունակուի հարսանեկան ուրախ մթնոլորտի մէջ: Հայկական աւանդական բոլոր սովորութիւնները պարային շարժումներով ձեւաւորուած կը ներկայացուին: Կը կատարուի նոյնիսկ պսակի արարողութիւն: Հարս ու փեսայ` զգեստաւորուած եւ շղարշային, քահանան ալ ներկայ է. «Որդեակ, տէ՞ր ես», եւ` «որդեակ հնազա՞նդ ես»: Պատասխանները «այո» են, ուրեմն հարսանիքը թափ կ՛առնէ աւելի զօրաւոր կշռոյթով:

Հիանալի կատարում` պարերու: Աղջիկները ճկուն, հեզանազ, Չարենցի խօսքով, հեզաճկուն, աննման են: Տղա՞քը. հերոսական, արագաշարժութեան մրցանակի արժանի, հրաշալի` պարզապէս, քաջերու որակ մը, որ ոչ միայն կ՛ոգեւորէ, այլ ծափահարութիւն կը խլէ ջերմ ու երկար, նաեւ կը յուզէ: Բայց ինչո՞ւ այսքան տաղանդաւոր ենք, այսքան շնորհալի ու այսքան վտարանդի ու տարագիր: Ինչո՞ւ կը ծաղկինք օտար երկինքներու տակ…

Յայտագիրը կը շարունակուի: Հապա՞ «Սուրերով պար»-ը: Հոգիդ լուսաւորուի Արամ Խաչատուրեան, այդ ի՛նչ աստուածային ներշնչումով ստեղծուած է այս գերագոյն գիւտը: Եղանակ մը, որ համաշխարհային համ ունի: Կը ծափահարենք բուռն ու ջերմ, պռաւոներ կը լսուին սրահէն: Քիչ ետք «Լեզգինգա»-ն, այնքան թովիչ ու առնական հմայք: Մեր տղաքը զմայլելի էին իրենց ճկունութեամբ, աքրոպաթիք թեւածումներով: Ապրի՛ք, տղաք: Նոյնպէս աղջիկները մեր` հայեցի ու կանացի: Նազանք եւ հեզ կերպարանք, առանց շռայլ ծեքծեքումի կամ ցանկայարոյց ճիգերու: Պէտք է շարունակուի այս ցնծուն տրամադրութիւնը: Գեղարուեստի ղեկավար եւ պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեան, վարձքդ կատար: Հնարամիտ էք ու նորութիւններու ջատագով: Այո, պարեր էին, բայց նորահնար կշռոյթներով, նազանքին նրբութեամբ նազելացած: Ապրի՛ք, աղջիկներ հայոց:

Պարային այս խնճոյքին մասնակցեցաւ նաեւ «Գայեանէն» արուեստի դաշտը նոր մշակելու պատրաստ մանուկ ու պարման սերունդը: Անոնք եւս ծափերով, դիմաւորուեցան: Յաջողութիւնը պսակազարդուեցաւ: Ո՞վ խլեց դափնին. բոլորը, ամբողջը: Այս ամբողջին մաս կը կազմեն նաեւ բեմին ետին անտես աշխատողներ, քուլիսային գործիչները: Տարազներու պատասխանատուները:

… Բայց ինչպէ՞ս մոռնանք այդքան ճաշակաւոր, առիթին յարմար, հայկական երբեմնի նորաձեւութիւնը յուշող գեղեցկութիւնները: Խոհական ու պատուախնդիր զգեստաւորումները, նախշուած զարդարուած: Իւրաքանչիւրը իր գոգնոցով ու գօտիներով, թագ ու յարդարանքով: Գոյներու պերճանք, հրապոյր եւ թովչանք: Է՜հ, ինքնաբոյս հանդերձանքներ չեն, այլ` երկար ժամերու ստեղծագործական մատուցում:

Հանդիսութիւնը կը մօտենայ աւարտին: Բեմին վրայ «տեսանք» «Հայի աչքեր»-ը, թռիչքի մէջ էր` «Կապոյտ թռչուն»-ը, իսկ այդ «Իլիկները»` հայ կնոջ մատներուն միտքով հիւսուած:

Արցախը ինչպէ՞ս մոռնալ, ասմունքային կանչով, Իրմա Տէտէեանի ձայնով հռչակուած նոյն պահուն: Պարզապէս, յաղթանակի ուխտ եւ վեհագոյն խոստում:

Շնորհակալութիւն եւ քեզ, սիրելի՛ Համազգային, մեր մշակոյթը ծաղկեցնելու նուիրուած անձնուրաց սերմանող, տարիներու հեւքով հարստացած մշակոյթի սերմնացան: Հունձքը առատ է այսօր եւ բերքը բարի:

Ըմբոշխնեցինք հայեցիութեամբ յագեցած պարային այս խրախճանքը: Յարատեւութեան մաղթանք ամէնուն եւ բարի երթ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակոյթի կեդրոնի բազմաճիւղ արուեստի դպրոցներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES