ՄԻՔԱԹԻԻ ՄՕՏԻԿ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ. «ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ԴՐԱԿԱՆ Է ԵՒ ՀԱՄԵՄԱՏԱԲԱՐ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով կացութիւնը աւելի դրական է եւ բաղդատած անցեալ հանգրուանին, անիկա աւելի լաւ է եւ կարելի եղած է որոշ յառաջդիմութիւններ արձանագրել:
Նոյն աղբիւրները նշեցին սակայն, որ կարելի չէ անմիջական արդիւնքներուն մասին յայտարարութիւններ կատարել, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան հարցը կարիք ունի յաւելեալ հաղորդակցութիւններու եւ խորհրդակցութիւններու:
Միքաթիի աղբիւրները դրուատեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կատարած յայտարարութիւնը, թէ այլեւս Մարտ 8-ի քաղաքական ուժեր չկան, այլ կայ ազգային ճակատ մը, ինչ որ կը նուազեցնէ լիբանանցիներուն միջեւ քաղաքական ուղղահայեաց երկփեղկումը:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին կատարած իրենց յայտարարութիւններուն ընթացքին Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետը հանգիստ է աշխատանքներուն ընթացքին նկատմամբ` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւն չկայ:
Նշենք, որ «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, Նեժիպ Միքաթիի եղբայրը` Թահա Միքաթի, նախանցեալ երեկոյեան այցելած է Դամասկոս, ուր հանդիպում մը ունեցած է սուրիական իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ` արագացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: