ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՍՕՐ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Մայքըլ Ուիլիըմզ եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի այցելէ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը, ուր պիտի ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ:

Միւս կողմէ, երէկ Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որ շնորհաւորեց պատրիարքը անոր ընտրութեան առիթով եւ դրուատեց անոր կարգախօսը, որ կը կեդրոնանայ գործակցութեան եւ սիրոյ վրայ:

Ուիլիըմզ յայտնեց, որ ՄԱԿ կը զօրակցի որեւէ միջոցի, որուն նպատակն է տարբեր ժողովուրդներու միջեւ մերձեցում կատարել` ընդգծելով Լիբանանի մէջ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ միակ զէնքը յառաջդիմութիւն արձանագրելու, փոխըմբռնում նուաճելու եւ երկրին կայունութիւնը ամրապնդելու:

Ռայիի այցելեցին նաեւ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամէ Աֆրամ, աշխատանքներու ամբողջացման կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական Տաուտ Սայէղ, Հարիրիի արտաքին յարաբերութեանց խորհրդական Մոհամետ Շաթահ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթ:

Յետմիջօրէին Ռայի պատրիարքը այցելեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց իր պատրիարք ընտրուելուն առիթով փոխանցած շնորհաւորութիւններուն համար:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ արաբական աշխարհը երկունքի մէջ է` աւելցնելով, որ իրենք կ՛աղօթեն խաղաղութեան եւ երկրին կայունութեան համար:

Իր կարգին, Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց իսլամական – քրիստոնէական արաբական վեհաժողով մը գումարելու` աւելցնելով, որ աշխարհը կարիքը ունի իրենց միասնականութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES