Էն. Պի. Էյ.- Լոս Անճելըսի Երկու Խումբերն Ալ Ապահովեցին Բ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը
Նախորդ շաբաթավերջին ամբողջացան Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի Ա. հանգրուանի մրցումները, երբ տեղի ունեցան վերջին երկու ճակատումները:
Լոս Անճելըս քաղաքի երկու կազմերը` Լէյքըրզ եւ Քլիփըրզ ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը, երբ եօթներորդ եւ վերջին ճակատումին 4-3 արդիւնքով յաջորդաբար յառաջացան Տենվըր Նակեթցի եւ Մեմֆիս Կրիզլիզի վրայ: Առաջինը 96-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ երկրորդը` 82-72 արդիւնքով:
Մինչ անոնք երկուքը ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը` անդին Պոսթըն Սելթիքս եւ Մայեմի Հիթ Բ. հանգրուանին գծով կատարած են մէկական մրցում: Սելթիքս մէկ կէտի տարբերութեամբ` 92-91 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի, իսկ Հիթ` Ինտիանա Փէյսըրզի (95-86): Հիթի մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 32 կէտ:
Այսօր, Սելթիքս իր դաշտին վրայ պիտի կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Սիքսըրզի դէմ, մինչ Օքլահոմա Սիթի իր դաշտին վրայ իր առաջին մրցումը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ:


