Ասթոն Վիլա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, երէկ Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի խումբերէն Ասթոն Վիլա յայտարարեց, որ ակումբի մարզիչ Ալեք Մաքլեշ պաշտօնանկ եղաւ` ի տես խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն:
Ան չկրցաւ ակումբին համակիրներուն համակրանքը շահիլ` նկատի ունենալով, որ 38 մրցումի ընթացքին անոր կազմը արձանագրեց միայն 7 յաղթանակ:
Նախքան անոր մարզիչ նշանակումը` նախորդ տարի Ուիկընի մարզիչ Ռոպերթօ Մարթինեզ կը նկատուէր այս պաշտօնին գլխաւոր թեկնածուն: Այժմ, տարի մը ետք, ան դարձեալ կը նկատուի այդ պաշտօնը ստանձնելու գլխաւոր թեկնածուն:
CATEGORIES Մարզական


