Ճատրակ. Բրուտեան Եւ Կիրոյեան` Տիտղոսակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Պրազիլի եւ Ֆրանսայի մէջ աւարտեցան ճատրակի երկու տարբեր տեսակի մրցաշարքեր:

Պրազիլահայ Արմէն Բրուտեան, երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ Պրազիլի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան տիտղոսին, կը յայտնէ «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը` իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն:

Իսկ ֆրանսահայ Կերի Կիրոյեան տիրացաւ Ֆրանսայի մէջ աւարտած 16 տարեկանէն վեր կրտսերներու ախոյեանութեան տիտղոսին:

Անոնք երկուքն ալ իրենց այս յաղթանակներով հաստատեցին իրենց գերակայութիւնը իրենց մրցակիցներուն նկատմամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES