Տեսակէտ. Ազրպէյճանական Վատառողջ, Հասկնալի Եւ Ողջունելի Բարոյահոգեբանական Վիճակ Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Ռահիմ Ղազիեւ «Օպիեքթիվ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով հայկական ուժերու կողմէ Շուշիի ազատագրման մասին յայտնած է, որ «Շուշիի անկումին համար ես միայն բարոյական պատասխանատուութիւն կը կրեմ», եւ պատասխանատուութիւնը ուղղակի կերպով բարդած է օրին Շուշիի պարետ Էլպրուս Օրաճեւի վրայ, իսկ անուղղակի կերպով Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի վրայ` նշելով, որ վերջինս 1992-ին իշխանութեան վերադառնալու ծրագիր ունեցած է, այլ խօսքով` այդ ծրագիրի իրականացման համար Շուշին «յանձնած» է հայերուն:
Այս երեւոյթը զարմանալի չէ, այլ բնական արտայայտութիւնը այն հանրայայտ ճշմարտութեան, որ յաղթանակը բազմաթիւ հայրեր ունի, իսկ պարտութիւնը որբ է: Պատերազմի մէջ պարտութեան մատնուած կողմ մը յաճախ ինքզինք վարկաբեկումի եւ նուաստացումի կացութենէն փրկելու, իր շարքերուն մէջ որոշ միասնականութիւն եւ իր կարողութեան նկատմամբ վստահութիւն պահպանելու փորձով մը կը դիմէ իր պարտութիւնը դաւաճաններու վերագրելու հնարքին:
Հարկ է նկատի ունենալ, որ Շուշիի ազատագրումը Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ շրջադարձային զարգացում մըն էր, եւ աշխարհագրական անառիկ դիրքի տէր այդ քաղաքին կորուստը ազրպէյճանական բանակին համար էր եւ կը շարունակէ մնալ բարոյալքիչ ազդակ մը: Այսօր Ազրպէյճանի ղեկավար վերնախաւը կը փորձէ ռազմատենչ յայտարարութիւններով ծածկել իր բազմամարդ եւ լաւապէս զինուած բանակին ամօթալի պարտութիւնը: «Մենք Հայաստանէն աւելի ուժեղ ենք, կրնանք Ղարաբաղը ետ առնել» սնամէջ յայտարարութիւններուն շուտով կը յաջորդէ «սակայն»-ը: Իբրեւ արգելք կը նշուին «կարգ մը համաձայնագիրներ» կամ հարցը խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով լուծելու Ազրպէյճանի «վսեմաբոյր» փափաքը:
Թէեւ ազրպէյճանցիներուն բարոյահոգեբանական այս վատառողջ վիճակը մեզի համար հասկնալի եւ ողջունելի կրնայ ըլլալ, սակայն անոնք չեն կրնար փախուստ տալ այն առարկայական ճշմարտութենէն, որ ազրպէյճանական «ուժեղ» բանակը պատերազմի դաշտին վրայ փորձուեցաւ, սակայն մարտի դաշտի քննութենէն ձախողած դուրս եկաւ: Դաւիթը յաղթեց Գողիաթին, եւ վերջ:

