Գերմանական «Ար. Տապլիու. Ի.» Ընկերութիւնը Կրնայ «Նապուքօ»-Էն Դուրս Գալ

Գերմանական ուժանիւթի հսկայ «Ար. Տապլիու. Ի.» ընկերութիւնը կը քննարկէ «Նապուքօ» նախագիծէն դուրս գալու կարելիութիւնը, որովհետեւ նախագիծի արժէքը գրեթէ կրկնապատկուած է` 8 միլիառ եւրոյէն հասնելով մինչեւ 15 միլիառ եւրոյի, իսկ Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի հետ համաձայնագիր չէ կնքուած:

«Այդ փոփոխութիւնները հաշուի առնելով` մենք որոշած ենք վերանայիլ, արդեօք «Նապուքօ»-ին մեր մասնակցութիւնը մեր առեւտրական եւ ռազմավարական շահերուն կը համապատասխանէ՞», յայտարարած են «Ար. Տապլիու. Ի.»-էն, սակայն շեշտելով, որ վերջնական որոշում տակաւին չէ տրուած:

Ապրիլի վերջաւորութեան աւստրիական «Օ. Էմ. Վի.»  ընկերութիւնը չէր բացառեր, որ կրնայ ստեղծուիլ «Նապուքօ»-ին աւելի կարճ տարբերակը, որուն միջոցով թուրք-պուլկարական սահմանէն կազը պիտի հասնի Աւստրիա:

Նախապէս հունգարական «Էմ. Օ. Էլ.» ընկերութիւնը յայտարարած էր, որ ծրագիրի իրագործման հարցին շուրջ լուրջ կասկածներ ունի եւ պատրաստ է իր բաժնետոմսերը վաճառելու:

Պուլկարիա նոյնպէս յայտարարած էր, որ նախագիծի իրագործումը իրատեսական է միայն Եւրոպական ներդրումային դրամատան աջակցութեամբ, որմէ ետք Պուլկարիան պիտի կարենայ աստիճանաբար փոխհատուցել վարկերը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES