Ըստ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Թուրքիա – Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւնները Պիտի Աշխուժանան

Վեսթերվելէ եւ Տաւութօղլու

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ հանդիպում ունենալէ ետք յայտարարած է, որ ինք համոզուած է, որ Եւրոպայի մէջ վերջին ընտրութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները պիտի աշխուժանան:

«Այս հարցին մէջ Գերմանիան կրնայ օգտակար ըլլալ: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը կը բխի ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Եւրոպայի շահերէն», ըսած է ան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք Ֆրանսայի նոր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի` երէկ նախատեսուած Գերմանիա այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուի՞ն Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները, ան նշած է, որ երկու պետութիւններն ալ իրենց համար նոյն հարթութեան վրայ են:

«Հակառակ երբեմն երբեմն յառաջացող տարակարծութիւններուն, երկու կողմերն ալ յարաբերութիւններու բնականոնացումէն պիտի շահին», ըսած է ան:

Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը ողջունած է սուրիացի գաղթականներուն ապաստան տալու Թուրքիոյ քայլը:

 

Share this Article
CATEGORIES