Հոլլանտ Պաշտօնապէս Ֆրանսայի Նախագահ
Վերջին 17 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Էլիզէի պալատի ղեկավար դարձաւ ընկերվարական քաղաքական գործիչ մը: Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ պաշտօնապէս ստանձնեց Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնը: Տեղի ունեցած երդման արարողութեան ժամանակ նորընտիր նախագահը յայտարարեց, որ ինք սկիզբէն գիտակցած է իր երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները, որոնց շարքին` պիւտճէական պարտքն ու տնտեսական ցած աճը:
Նշենք, որ երդման արարողութեան հրաւիրուած սահմանափակ թիւով հիւրերուն շարքին էր Ֆրանսայի հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Նորվան եպս. Զաքարեան:
Հոլլանտ այսօր պիտի յայտարարէ իր կառավարութեան կազմը: Ան երէկ Ժան-Մարք Այրոն վարչապետ նշանակեց:
CATEGORIES Միջազգային


