Մոսկուա Քոսովոյի Մէջ Սուրիացի Ընդդիմադիր Զինեալներու Մարզումին Վերաբերեալ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ
Իսլամական «Նուսրաթ Ահլ Շամ» ճակատը երէկ 13 մայիս թուակիր հաղորդագրութեամբ մը հերքեց, որ ինք կը կանգնի անցեալ հինգշաբթի օր Դամասկոսի մէջ 55 զոհ պատճառած երկու ականահարումներուն ետին եւ այդ առնչութեամբ նախապէս կատարուած յայտարարութիւնը շինծու ու սուտ նկատեց:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «մեզի ճակատի զինուորական թեւէն նշեալ գործողութեան վերաբերեալ որեւէ հաստատում կամ հերքում չհասաւ: Որեւէ տեղեկութիւն ստանալու պարագային, զայն ժիհատական պաշտօնական կայքէջերու միջոցով կը տարածենք»:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «մտահոգիչ են վերջին շրջանին զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ յայտնուած տեղեկութիւնները, որոնք ցոյց կու տան սուրիական ընդդիմութեան` այսպէս կոչուած Քոսովոյի հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ շփումները: Յատկանշական է, որ խօսքը միայն գործող վարչակարգի տապալման ուղղուած անջատողական շարժման կազմակերպման հարցին մէջ «փորձառութեան փոխանակման» չի վերաբերիր, այլ նաեւ Քոսովոյի տարածքին մէջ սուրիացի զինեալներու պատրաստութեան»:
«Կ՛օգտագործուին այն շրջանները, որոնք աշխարհագրական տեսակէտէ սուրիական մակերեւոյթին կը համապատասխանեն: Բացառուած չէ, որ զինեալներու նախապատրաստական զօրակայաններ պիտի ստեղծուին` հիմնուելով Քոսովոյի ազատագրման բանակի նախկին զօրակայաններուն վրայ», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ:
Ռուս դիւանագէտները կը յայտնեն, որ նման մտադրութիւնները չեն կրնար չանհանգստացնել միջազգային ընտանիքը:
Միւս կողմէ, շրջանին մէջ իրանեան քաղաքականութեան հետեւող շրջանակներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ երկու դէպքեր կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ մասնաւորաբար սուրիական տագնապի ապագային, ինչպէս նաեւ շրջանի կացութեան վրայ: Անոնք կը նշեն, որ առաջին զարգացումը Սուրիոյ մէջ կալանաւորուած թուրք լրագրողներու, մասնաւորաբար Թուրքիոյ մէջ իսլամական շրջանակներուն մէջ մեծ համբաւ վայելող Ատամ Էօզքիւսի ազատ արձակման աշխատանքին մէջ իրանեան միջնորդութեան յաջողութիւնն է:
Շրջանակները կը յայտնեն, որ Էօզքիւսի ազատ արձակումը կրնայ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ որոշ հաշտութեան առաջնորդել, մանաւանդ Էրտողանի կառավարութեան մօտ գոյացումէն ետք այն համոզումին, թէ մօտիկ ապագային սուրիական վարչակարգը տապալել անկարելի է, նշեալ կառավարութեան այն զգացումին լոյսին տակ, թէ Սուրիոյ նկատմամբ ամերիկեան եւ եւրոպական կեցուածքներուն մէջ կարեւոր շրջադարձներ սկսած են կատարուիլ:
Շրջանակները կը նշեն, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անցեալ տարի Ռամատանի ժամանակ Թեհրան իր այցելութեան ընթացքին իր պաշտօնակից Ալի Աքպար Սալեհիի յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ֆիթրի տօնէն առաջ իշխանութենէն պիտի հեռանայ», օրին իրանեան դիւանագիտութեան պետը ժպտացած է եւ իր հիւրին ըսած. «Սպասենք եւ տեսնենք»: Երկու անձնաւորութեանց միջեւ տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպումին ընթացքին Սալեհի Տաւութօղլուին յիշեցուցած է երեք ամիս առաջ իր կատարած հաստատումը: Տաւութօղլու վճռակամ կերպով ըսած է. «Ասատ տարուան աւարտէն առաջ իշխանութենէն պիտի հեռանայ»: Սալեհի հեգնական ժպիտով պատասխանած է. «Սպասենք եւ տեսնենք»: Իսկ քանի մը շաբաթ առաջ երկու անձնաւորութեանց միջեւ տեղի ունեցած երրորդ հանդիպումին ընթացքին Տաւութօղլու Սալեհիի ըսած է. «Կը թուի, որ սուրիական տագնապին վերաբերեալ իրաւունք ունէիր»:
Շրջանակները կը վստահեցնեն, որ Թեհրան Անգարայէն խոստում ստացած է Սուրիոյ հետ իր սահմանը հանգրուանային ձեւով փակել եւ ապահովական գօտիի ստեղծման կամ զինուորական միջամտութեան գաղափարներէն հրաժարիլ, փոխան Իրանի կողմէ իրանեան հիւլէական թղթածրարին լուծման մէջ Թուրքիոյ միջնորդի դեր տալուն:
Շրջանակները կը նշեն, որ երկրորդ զարգացումը 23 մայիսին Պաղտատի մէջ Իրան-«5+1» բանակցութիւններն են, որոնք կը թուին, թէ իրանեան հիւլէական թղթածրարի լուծման մէջ յառաջդիմութիւն պիտի ապահովեն, ուստի իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ ամերիկեան եւ եւրոպական կեցուածքներուն վրայ, բան մը, որուն ցուցանիշները արդէն բազմաթիւ մակարդակներու վրայ սկսած են ի յայտ գալ, մասնաւորաբար Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած երկու ականահարումներէն ետք:
Սուրիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը երէկ հրապարակեց խորհրդարանական ընտրութեան վերջնական արդիւնքները, ըստ որոնց, ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը 51.26 առ հարիւր էր եւ յաղթանակ արձանագրած երեսփոխանական թեկնածուներու շարքին են 30 կիներ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իտլիպ նահանգին մէջ ականի մը պայթումին պատճառով միջազգային դէտերու մէկ ինքնաշարժը վնասուած է, սակայն վիրաւորներ չեն արձանագրուած:

