«Եւրոյի Գօտիէն Յունաստանի Դուրս Գալը Անհեթեթութիւն Է» Կ՛Ըսէ Եունկըր
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ եւրոյի խմբակի ղեկավար, Լիւքսամպուրկի վարչապետ Ժան-Քլոտ Եունկըր 14 մայիսին Պրիւքսէլի մէջ կայացած` Եւրոպական Միութեան նախարարներու հանդիպումին աւարտին յայտնած է, որ իրենք եւրոյի գօտիէն Յունաստանի դուրս գալու հարցը չեն քննարկած:
Վեց ժամ տեւած հանդիպումին աւարտին Եունկըր ըսած է. «Նոյնիսկ մէկ վայրկեան մտքովս չ՛անցնիր, որ Յունաստանը կրնայ լքել եւրոյի գօտին: Ատիկա անհեթեթութիւն է, քարոզչութիւն: Հանդիպումին ընթացքին մեզմէ ոեւէ մէկը նման խօսակցութիւն չէ բացած»:
CATEGORIES Միջազգային

