Թրիփոլիի Մէջ Մուսթաքպալ Պլոքի Արտակարգ Նիստ

Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ Թրիփոլիի «Քուալիթի ին» պանդոկին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի զօրակցութեան հեռանկարները:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Սինիորա յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները հարցման նշաններ կը ստեղծեն` շրջանին մէջ բաժանում յառաջացնելու եւ սադրանք նախապատրաստած ըլլալու առումով:

Սինիորա շեշտեց, որ խստիւ մերժելի են այն փորձերը, որոնք Թրիփոլին կը ներկայացնեն իբրեւ ահաբեկիչներ պահող շրջան մը:

Շատի Մաուլաուին ձերբակալելու քայլին մասին Սինիորա շեշտեց, որ այդ արարքը առեւանգում կը նկատուի եւ ոչ թէ ձերբակալում: «Այս երեւոյթը մտահոգիչ է եւ կարծէք արձանագրուած է հրդեհ մը բռնկեցնելու նպատակով», ըսաւ ան:

Սինիորա յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը երկրին կառավարութիւնն ու վարչապետը պատասխանատու կը նկատէ Թրիփոլիի կացութիւնը խաղաղեցնելու եւ ապահովութիւնը վերահաստատելու առումով կատարուելիք որեւէ բացթողումի պարագային:

«Ո՛չ մէկ հովանաւորութիւն պէտք է ցուցաբերել այն կողմին, որ զէնք կը բարձրացնէ եւ կը խախտէ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ Սինիորա:

Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց նաեւ արագացնելու իսլամականներուն դատավարութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES