Սէյիտ Նասրալլա – Ահմետ Ժըպրիլ Հանդիպում

Սէյիտ Նասրալլա` պաղեստինեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Պաղեստինի ազատագրութեան ազգային ճակատի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ժըպրիլը, որուն ընկերակցեցան իր օգնականը` Թալալ Նաժի եւ Պաղեստինի ազատագրութեան ազգային ճակատի անդամներու պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ:

Քննարկուեցան շրջանին մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս Պաղեստինի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ զարգացումները:

Սէյիտ Նասրալլա եւ Ժըպրիլ ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս արձանագրուած զարգացումները:

 

Share this Article
CATEGORIES