Ռապիէի Մէջ Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Ընթացիկ Նիստ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան ցաւ յայտնեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն, ինչպէս նաեւ բանակը թիրախ դարձնող քայլերուն եւ յայտարարութիւններուն գծով:
Քանաան հաստատեց, որ երկրին ապահովական հարցերը կարելի է միայն օրինական կերպով լուծել` պահպանելով Թրիփոլիի եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Անդրադառնալով ելեւմտական թղթածրարին լուծման` Քանաան յայտնեց, որ այդ լուծումը կարելի է ապահովել արտակարգ կերպով եւ առանց վնաս հասցնելու լիբանանցիներուն շահերուն:
Անդրադառնալով 8,900 միլիառ լ. ոսկիի թղթածրարին մասին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կատարած յայտարարութիւններուն` Քանաան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ապահովել լիբանանցիներուն իրաւունքները:
Ան աւելցուց, որ Ռապիէի եւ Պաապտայի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն չէ արձանագրուած:


