Միքաթի. «Թրիփոլիի Կացութիւնը Կ՛Ուղղուի Դէպի Բարելաւում»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանի լրագրողներուն հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Թրիփոլիի կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի կատարեալ հանդարտութիւն եւ խաղաղութիւն` նկատի ունենալով լիբանանեան բանակին տեղակայումը Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի մէջ:
Ան հաստատեց, որ այդ շրջաններուն մէջ բանակին հանդարտ տեղակայումը նպատակ ունէր բանակին ու շրջանի բնակչութեան միջեւ հաւանական բախումները կանխարգիլել եւ առաջքը առնել արիւնահեղութեան:
Վարչապետ Միքաթի դրուատեց բանակին, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիի եւ Ֆուատ Սինիորայի կեցուածքները` աւելցնելով, որ Սինիորայի հետ գործակցութիւնը ընթացաւ մինչեւ վերջին վայրկեանները:
Միքաթի հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ եւ բոլոր կողմերուն հետ պիտի գործակցի, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ հանգրուանին երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել:
«Լիբանանի պատմութեան մէջ երէկ զգայուն օր մըն էր, եւ մենք անիրաւուածներուն կ՛օժանդակենք, սակայն ոչ արդարութեան հաշուոյն», ըսաւ Միքաթի` ակնարկելով արգելափակեալ իսլամականներուն:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ ընթացող նստացոյցը առկայ է` խօսքի ազատութեան սկզբունքները յարգելու շրջագիծին մէջ:
Ան ըսաւ, որ Շատի Մաուլաուին ձերբակալելու ոճն ու եղանակը մերժելի են, որովհետեւ այդ նպատակով օգտագործուած է նախարար եւ երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատիի անունը:
Վարչապետը շեշտեց, որ Մաուլաուիի հետ հարցաքննութիւնը կը շարունակուի:
Ան նշեց, որ նստացոյցին հարցը դիւրաւ կարելի է լուծել` աւելցնելով, որ արգելափակուած իսլամականներուն թղթածրարին լուծումը մօտիկ ապագային պիտի կատարուի, երբ դատական իշխանութիւնները արագացնեն այդ արգելափակեալներուն դատավարութիւնները:
Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու քաղաքականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի շեշտեց, որ այդ քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Ուաշինկթըն մտահոգ է Թրիփոլիի կացութեամբ եւ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն կը յայտնէ արձանագրուած զոհերուն համար:


