Պըրրի Ընդունեց Օ Ֆերըլը

Պըրրի` աւստրալիական նահանգային պատուիրակութեան հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Պերի Օ Ֆերըլը, որուն ընկերակցեցաւ նահանգը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքը, որ Պըրրիի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց երեսփոխան Մարուան Համատէն` ընկերակցութեամբ տիւրզի համայնքը ներկայացնող պատուիրակութեան մը:

 

Share this Article
CATEGORIES