Նախագահ Սլէյման Կարեւոր Կը Նկատէ Թրիփոլիի Մէջ Բանակին Տեղակայումը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կարեւոր նկատեց Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին տեղակայումը` սանձելու համար անցեալ շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ էր ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն, յատկապէս լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` հսկելու համար բանակին տեղակայումին, շրջանին ապահովական կայունութեան պահպանումին, Թրիփոլիի կամ այլ շրջաններու մէջ նման հարցերու կրկնութեան կանխարգիլումին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան հետեւանքները Լիբանան չփոխադրելու նախազգուշութեան:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի նախագահը տեղեակ պահեց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեան եւ ապահովութեան աստիճանական հաստատումին մասին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին օրակարգը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Պերի Օ Ֆերըլ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական, մշակութային եւ ներդրումային մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյման ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Օ Ֆերըլի:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան աշխատանքները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Թամմամ Սալամ եւ Նեպիլ տը Ֆրէյժ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն:


