Փխրուն Զինադուլի Մթնոլորտի Ներքեւ` Բանակը Կը Տեղակայուի Թրիփոլիի Մէջ

Երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, Թրիփոլիի մէջ տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, որուն շրջագիծին մէջ դադրեցան նաեւ Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումները:

Շրջանին մէջ տիրող լռութեան զուգահեռ, լիբանանեան բանակը սկսաւ տեղակայուիլ Պաալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի մէջ` մուտք գործելով անոնց փողոցները:

Բանակը նաեւ շրջուն ջոկատներով մուտք գործեց թաղերը, ուր խիստ հսկողութիւն բանեցուց:

Նկատի ունենալով բախումի հիմնական ճակատ նկատուող այս զոյգ շրջաններուն մէջ բանակին տեղակայումը, կեանքն ու սովորական աշխատանքային շարժումները վերադարձան շրջան:

Թրիփոլիի բնակիչները սկսան մաքրել փողոցները եւ վերցնել բախումներուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուած նիւթական վնասները, ինչպէս նաեւ ստուգել իրենց բնակարաններուն հասած վնասները` ռմբակոծումին եւ բախումներուն պատճառով:

Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի մուտքին բանակը զետեղեց անցարգելներ, որոնց միջոցով ստուգեց դէպի այս երկու շրջանները մուտք գործող եւ անոնցմէ դուրս եկող քաղաքացիներուն ինքնութիւնը:

Ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն զետեղեցին անցարգել մը եւ ստուգեցին Թրիփոլի մուտք գործող եւ անկէ դուրս եկող քաղաքացիներուն ինքնութիւնը` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնը եւ շրջանին վերադարձնելու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Բանակի մասնայատուկ ուժեր շրջանէն դուրս բերին նաեւ չպայթած ռումբերն ու ձեռնառումբերը:

Նշենք սակայն, որ Թրիփոլիի մէջ հաստատուած զինադուլը փխրուն նկատուեցաւ` սպասելով Թրիփոլիի ապահովական ուժերուն եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի միջեւ այսօր տեղի ունենալիք հանդիպումին:

Նստացոյցը Կը Շարունակուի

Մինչ Թրիփոլիի մէջ կեանքի նշոյլներ կը վերսկսին երեւիլ եւ զինեալ երեւոյթները կը չքանան, Ապտել Համիտ Քարամէի հրապարակին վրայ իսլամականներուն եւ սալաֆականներուն յայտարարած նստացոյցը կը շարունակուի:

Սայտայի Պիլալ Պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր մասնակցեցաւ իսլամականներուն նստացոյցին եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց արշաւին:

Նստացոյցին վայրը այցելեցին նաեւ քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններ:

Նշենք, որ նստացոյցին լոյսին տակ անհատական զինեալ բախումներ արձանագրուեցան Նաշշար եւ Հաժեր ընտանիքներուն միջեւ:

Բանակի Հաղորդագրութիւն

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Թրիփոլիի մէջ իր ստանձնած աշխատանքները պիտի շարունակէ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ լիբանանեան բանակի զօրամասերը տեղակայուած են Թրիփոլիի մէջ, յատկապէս Ժապալ Մըհսենի, Պապ Թըպպանէի եւ «Սուրիա» փողոցին մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան, բանակը երկրին կացութիւնը վերադարձուցած է իր հանդարտ ու խաղաղ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ կը ջանայ շրջանին վերադարձնել ապահովութիւնը:

Հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը ցաւ կը յայտնէ, որ եռօրեայ զինեալ միջադէպերուն ընթացքին բանակին եւ քաղաքացիներուն շարքերէն զոհեր ինկած են: «Երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ ապահովութեան հաստատումը ազգային կարիք մըն է բոլոր լիբանանցիներուն համար: Խուճապը ոչ մէկուն շահերուն կը ծառայէ, իսկ լիբանանեան բանակին ներկայութիւնը` Թրիփոլիի մէջ, կը միտի պաշտպանել երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ ոչ թէ շրջանին բնակչութիւնը սպաննել կամ անոր հետ բախումներ ունենալ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց նաեւ, որ բանակը երբեք հետաքրքրուած չէ գրգռութիւններ հրահրող կեցուածքներով, որոնք այս կամ այն կողմէն կը հնչեն` հարուածելու համար բանակը, զայն ամբաստանելու քաղաքացիներուն դէմ լարուելու յանցանքով:

«Բանակի հրամանատարութիւնը կը վստահի Թրիփոլիի բնակչութեան գիտակցութեան եւ կը հաստատէ, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ քաղաքին մէջ զինեալ երեւոյթները ջնջելու, ինչպէս նաեւ առանց զգուշացնելու կրակ պիտի բանայ ոեւէ զինեալի դէմ», եզրափակուեցաւ հաղորդագրութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES