Ղազախստան Հիմնական Կազմով Պիտի Ժամանէ Հայաստան
Ղազախստանի ֆութպոլի ազգային խումբը, նախքան Հայաստանի դէմ իր կատարելիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումը, պիտի կատարէ այլ մրցում մըն ալ:
Ինչպէս կը յայտնէ ղազախական մամուլը, Ղազախստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը համաձայնութեան եկած է Խըրխըզիստանի հետ, Ալմա Աթայի մէջ յառաջիկայ 1 յունիսին բարեկամական մրցում մը կատարելու համար:
Այս մրցումէն չորս օր ետք` 5 յունիսին, Ղազախստան հիւրը պիտի ըլլայ Հայաստանի:
Անդրադառնալով իր կազմին կատարելիք մրցումներուն, Ղազախստանի չեխ մարզիչը` Միրոսլաւ Պերանեք կ՛ըսէ. «Եթէ ուշի ուշով նայիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն, պիտի տեսնէք, որ 4 անգամ պիտի կատարենք երկուքական մրցում` երեք օրուան ընդմիջումէ ետք: Այսպիսի ախոյեանութեան համար պէտք է լաւապէս պատրաստուինք: Հոս կու գամ ըսելու, որ Խըրխըզիստանի դէմ դաշտ պիտի ներկայացնեմ իմ պահեստի մարզիկներս, մինչ Հայաստանի դէմ դաշտ պիտի ներկայանանք զօրաւոր եւ հիմնական կազմով»:
Նշենք, որ Ղազախստան – Խըրխըզիստան մրցումին մուտքը ձրի է, մինչ Հայաստան – Ղազախստան մրցումին մուտքի նուազագոյն սակն է 3000 դրամ:

