ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. – Փլէյ-Օֆի Բ. Հանգրուանի Մրցումներ. Սիքսըրզ – Սելթիքս` 1-1. Օքլահոմա Սիթի – Լէյքըրզ` 1-0

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ մէկ կէտի տարբերութեամբ` 82-81 արդիւնքով յաղթելով Պոսթըն Սելթիքսի, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1): Սելթիքսի մարզիկներէն Ռէյ Էլըն նշանակեց 17 կէտ, իսկ անոր խմբակից Քեւին Կառնեթ` 15 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:

Անոնց միջեւ երրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, Ֆիլատելֆիոյ մէջ:

Օքլահոմա Սիթի 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Պոսթըն Սելթիքսի վրայ, երբ երէկ 119-90 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 27 կէտ, 9 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ, մինչ անոր խմբակից Քեւին Տիւրընթ` 25 կէտ: Լէյքըրզի մարզիկներ Քոպի Պրայընթ եւ Էնտրու Պայնում նշանակեցին 20-ական կէտ:

Այսօր տեղի կ՛ունենայ Մայեմի Հիթ – Ինտիանա Փէյսըրզ երկրորդ մրցումը: Հիթ այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ:

Այսօր տեղի պիտի ունենայ նաեւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ առաջին ճակատումը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES