Յառաջիկայ 11-14 Յունիսին Ատել Հաքիմի Տարեկան 2-րդ Միջազգային Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ «Իժի Սփոր» ընկերութեան, յառաջիկայ 11-14 յունիսին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ Ատել Հաքիմի անուան տարեկան 2-րդ միջազգային մրցաշարքը, որ յատկացուած է վեթերաններու:

Ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 24 մայիսը:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, կրնան հեռաձայնել 03-999969 թիւին եւ կամ իրենց անունը ուղարկել հետեւեալ ե-նամակի հասցէին. [email protected]:

 

 

Share this Article
CATEGORIES