3-13 Յունիսին Միջին Արեւելքի Ճատրակի Առաջին Անհատական Ախոյեանութիւնը` Պէյրութի Մէջ

Տեղի ունեցած երէկուան մամլոյ ասուլիսէն

Երէկ կէսօրին, Պէյրութի «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ յառաջիկայ 3-13 յունիսին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Միջին Արեւելքի ճատրակի առաջին անհատական ախոյեանութիւնը:

Նշենք, որ տղոց եւ աղջկանց այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ նախագահութեամբ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինովի:

Այս ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է Չարլզ Քէյլ, իսկ անոր օգնականները յառաջիկային պիտի նշանակուին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ:

Մասնակցութեան սակ ճշդուած է 100 ամերիկեան տոլար: Առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ 1000 ամերիկեան տոլար, իսկ աղջկանց պարագային` 700 ամերիկեան տոլար: Նշենք, որ տեղի պիտի ունենայ նաեւ արագ ճատրակի մրցաշարք մըն ալ, որուն տիրացողը պիտի ստանայ 450 ամերիկեան տոլար:

Տեղի պիտի ունենան ընդամէնը 11 հանգրուանի մրցումներ: Առաջին 40 շարժումին համար նկատի առնուած է 90 վայրկեան, ապա` 30 վայրկեան, մինչեւ մրցումին աւարտը, որուն վրայ կ՛աւելնայ 30 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար, սկսեալ առաջին շարժումէն, իւրաքանչիւր խաղացողի համար, մրցումին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին:

Իսկ արագ ճատրակի պարագային տեղի պիտի ունենան 7 հանգրուանի մրցումներ:

 

Share this Article
CATEGORIES