Աթլեթիզմ. Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Լորի Թաշճեան Երկրորդ` 200 Մեթր Վազքի Մրցումներուն

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան Լիբանանի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումները` Ժամհուր եւ Շանվիլ վարժարաններուն դաշտերուն վրայ:

Ճեմարանի աշակերտ եւ Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լորի Թաշճեան, որ 400 մեթր վազքի մրցումներուն գրաւած էր առաջին դիրքը (1′ 02″ 30), 200 մեթր վազքի մրցումներուն հանդիսացաւ երկրորդ` արձանագրելով 27″ 18 արդիւնք մը: Առաջին դիրքը գրաւեց Մահա Մաալլեմ (Ինթըր Լեպանոն), որ արձանագրեց 26″ 52 արդիւնք մը: Երրորդ հանդիսացաւ Լորա Սալիպա (Անթունիէ, 27″ 33):

Թէ՛ տղոց եւ թէ՛ ալ աղջկանց ընդհանուր դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Ժամհուր:

Նշենք, որ Լորի Թաշճեան այս ախոյեանութեան մասնակցած միակ հայ աշակերտն էր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES