Ճատրակ. Կիրակի, 20 Մայիսին` Արագ Ճատրակի Խմբային Ախոյեանութիւնը
Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 20 մայիսին, Սայտայի քաղաքապետութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ արագ ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը:
Ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ անուններու արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 17 մայիս, երեկոյեան ժամը 21:00-ը:
Ֆետերասիոնին ե-նամակներուն հասցէներն են. [email protected] եւ [email protected]:
Այլ գետնի վրայ, ֆետերասիոնը Ա. եւ Բ. դասակարգի ակումբներուն պատասխանատուները հրաւիրեց յատուկ ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Արարատ ակումբին մէջ (Քոռնիշ Նահր, «Փեժօ» ընկերութեան ետեւը), ուրբաթ, 18 մայիսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Այդ ժողովին ֆետերասիոնը յատուկ լուսաբանութիւններ պիտի փոխանցէ ակումբներուն` կիրակի օր տեղի ունենալիք խմբային ախոյեանութեան գծով:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր մրցումի տեւողութիւնը պիտի ըլլայ 5 վայրկեան + 2 երկվայրկեան:
Այդ ակումբներուն պատասխանատուները պարտին իրենց հետ բերել ախոյեանութեան մասնակցող իրենց խաղացողներուն ցանկը:

