Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Կիրակի, 20 Մայիսին` Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 20 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Անդրանիկ Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին:

Ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ այս մրցումին տոմսակները կարելի է գնել դաշտին կիշէէն:

Հրապարակուեցաւ նաեւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը:

Կիրակի, 20 մայիսին, վերոնշեալ մարզահամալիրին մէջ, սակայն երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Անիպալ Զահլէ – Շանվիլ կիսաւարտականի մրցումը:

Մրցումին յաղթականը, որ պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, իր դէմ պիտի ունենայ Հուփսը: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 21 մայիսին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):

 

Share this Article
CATEGORIES