Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց, Պէյրութ Պարտուեցաւ
Երէկ սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը յաղթանակով սկսաւ ախոյեանութիւնը, երբ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ 45-42 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժամհուրը:
Այս մրցումին յաջորդեց Պիլիվըրզ – ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ Պիլիվըրզի յաղթանակով` 51-28 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները 21-18 արդիւնքով կը յառաջանային, սակայն վերջնական յաղթանակը տարաւ Պիլիվըրզ:
CATEGORIES Մարզական

