50 Տարի Առաջ ( 17 մայիս 1962 )
Խմբագրական
Հայ Կրթական Հիմնարկութեան
Դերը Եւ Արժէքը
Անցած շաբաթ հրատարակեցինք ցանկը այն յատկացումներուն, որոնք Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ եղած են 1961-1962 տարեշրջանին: Այդ ցանկէն ի յայտ կու գայ, թէ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին կրթանպաստ այս հիմնարկութիւնը աւելի քան տասը տարիէ ի վեր նախախնամական դեր կը կատարէ հայ կեանքին մէջ` ծառայելով իր առաջնահերթ նպատակին. օգնութեան հասնիլ արտասահմանի հայկական գաղութներուն մէջ գործող վարժարաններուն` առանց յարանուանական եւ այլ խտրութիւններու:
Կրթական հիմնարկութեան յատկացումներէն գլխաւորաբար օգտուած են ու ներկայիս կ՛օգտուին Միջին Արեւելքի ազգային եւ այլ կրթական հաստատութիւնները, նկատի ունենալով, որ ամէնէն աւելի անոնք պէտք ունին նպաստի եւ հոն է, որ առաւելագոյն չափով հայ պատանիներ հայեցի դաստիարակութիւն կը ստանան:
Հիմնարկութեան առաջին տարիներու հիմնական նպատակը եղած էր անշուշտ հոգածութեան տակ առնել Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, որուն տնօրէնը` հանգուցեալ Լեւոն Շանթ, այդ օրերուն հանգանակութեան համար Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր:
Այս հիմնական նպատակը, սակայն, շուտով ընդհանրացաւ եւ Կրթական հիմնարկութեան ծրագիրը մշակուեցաւ` գլխաւոր մտահոգութիւն ունենալով օգնութիւնը բոլոր հայկական վարժարաններուն, առանց դաւանական եւ հատուածական պայմաններու:
Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր Կրթական հիմնարկութիւնը, իր գործունէութեան ընթացքին անշեղօրէն հաւատարիմ մնաց այս ոգիին եւ առիթ ունեցաւ շատ մօտէն իրազեկ դառնալու գլխաւորաբար Մերձաւոր Արեւելքի վարժարաններու կարիքներուն եւ դժուարութիւններուն:
Ինչպէս քարտուղարութեան զեկոյցը կ՛ըսէ, 1961-1962 տարեշրջանին հիմնարկութիւնը յատկացուցած է 59987 տոլար` արտասահմանի բոլոր վարժարաններուն համար, որուն մօտ 35 հազարը` Սուրիոյ եւ Լիբանանի կրթական հաստատութիւններուն:
Հիմնարկութիւնը իր բոլոր օժանդակութիւնները կատարած է` մղուած զուտ կրթական մտահոգութիւններէ: Քաղաքական եւ այլ տեսակի որեւէ նկատում ու հաշիւ չեն մտած անոր գործունէութեան մէջ: Օգնած է անխտրաբար բոլորին, առանց պայմաններ դնելու եւ, բացի այդ վարժարաններու կրթական մակարդակի բարձրացումէն, տարբեր ակնկալութիւններ ունենալու: Ինչպէս տեսան մեր ընթերցողները, այս տարի, հիմնարկութիւնը կատարեց 2000 տոլարի յատկացում մը Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին` քաջալերելու համար անոր յաջողութիւնները գիտական եւ այլ մարզերու մէջ:
Միւս կողմէ, ազգային վարժարաններուն եղած օժանդակութիւնները միշտ տրուած են ազգին օրինաւոր իշխանութեանց ճամբով, անոնց միջոցով, առանց անոնց գլխուն վրայէն գործելու եւ ոտնձգութիւններ ընելու:
Կրթական հիմնարկութեան այս ուղիղ եւ օրինաւոր դիրքը բոլորովին հակառակն է դիրքին այլ կազմակերպութեան մը, որ իր անունին վրայ յաւակնութիւնն ունի «ընդհանուր» պիտակը դնելու, բայց որուն գործերը հեռու են ընդհանրական ըլլալէ. ընդհակառակն, ծանրացած են շուկայիկ եւ հատուածական հաշիւներով:
Կրթական հիմնարկութիւնը իր նպաստը կը հասցնէ` առանց փոխարէնը բան մը պահանջելու: Այդ օգնութեան արդար բաշխումը, տուեալ գաղութի մը մէջ վստահելով Ազգային իշխանութեանց հայեցողութեան: Այս պարագային, որքա՜ն հեռու ենք ՀԲԸ Միութեան գործելակերպէն, որ կ՛օգնէ ու նպաստ կու տայ այն վարժարաններուն միայն, որոնք կ՛ենթարկուին իր ամենազօր կամքին եւ հատուածական մտահոգութիւններուն: Այն վարժարաններուն, որոնց ուսուցիչները կը վայելեն իր վստահութիւնը, մինչ պէտք է վայելէին ազգային օրինաւոր իշխանութեանց եւ ազգին վստահութիւնը:
Այս բաղդատութիւնը` աւելի կարկառուն դարձնելու համար գործելու այն եղանակը, որ Կրթական հիմնարկութեանն է: Այսինքն` անաղմուկ աշխատանք եւ գիտակից նուիրում:
Նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեամբ մտահոգ հայ մարդը մէկ մաղթանք կրնայ ունենալ հիմնարկութեան նկատմամբ: Այն է, հետզհետէ աւելի զօրացած եւ նիւթական լայն հնարաւորութիւններով օժտուած տեսնել այս հիմնարկութիւնը, որպէսզի առաւելագոյն չափով կատարէ իր նուիրական առաքելութիւնը:

