Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Եւ Հեքիաթները
Երեխան շատ կը սիրէ ոչ միայն նկարներ դիտել, այլեւ` պատմութիւններ, հեքիաթներ լսել: Գիրքերու շնորհիւ` երեխային խօսքը աւելի արագ կը զարգանայ, ան կը սորվի ճիշդ նախադասութիւններ կազմել, կը ճանչնայ գոյները, անծանօթ առարկաներու ձեւերն ու անունները:
Փոքրիկը նկարներուն մէջ կը տեսնէ ինքզինք եւ կը փորձէ իր արարքները յարմարեցնել գիրքի հերոսներու արարքներուն: Ընթերցանութիւնը կը խթանէ երեխային կարդալ սորվելու ցանկութիւնը:
Գիրքին կարեւորութիւնը հաշուի առնելով, ծնողնե՛ր ջանացէք, երեխային համար օրուան ընթացքին մէկ կամ երկու անգամ գիրք կարդալ, ցանկալի է` միշտ նոյն ժամուն:
Թելադրելի է, որ նախքան քնանալը` երեխային պատմութիւններ կամ հեքիաթներ պատմէք, իսկ գիրք կարդալը ցերեկուան վերապահէք, քանի որ նկարներն ու գունազարդարումները կը գրաւեն երեխային ուշադրութիւնը եւ ան շուտ քունի չ՛անցնիր…
Ընթերցանութիւնը սկսէք կարճ պատմուածքներով, որպէսզի ան չյոգնի: Փոքրիկը կը սիրէ գիրքը ձեռքը առնել եւ թերթել: Ան շատ չանցած` կը նկատէ, որ բառերը պէտք է կարդալ ձախէն դէպի աջ, սկսիլ էջին վերէն եւ իջնել վար:
Երբ կը կարդաք, մի՛ ծուլանաք եւ ձեր մատը շարժեցէք տողերու երկայնքին: Ուշադիր եղէք, որ ձեր ձեռքով չծածկէք նկարները: Նախընտրելի է բացատրէք իւրաքանչիւր նկար, այսպիսով փոքրիկը կը սկսի կռահել, որ նկարներուն եւ բառերուն միջեւ կապ գոյութիւն ունի:
Որպէսզի պատմութիւնը կամ հեքիաթը հետաքրքրական երանգ ստանայ, պէտք է դերասանական տաղանդ դրսեւորել: Եթէ պատմութիւնը կը պահանջէ, կարելի է հաջել, մլաւել, ծափել, պարել, խնդալ, լալ եւ այլն…
Հեքիաթին Դերը`
Երեխաներու Դաստիարակութեան Մէջ
Հեքիաթներուն դերը երեխաներու զարգացման մէջ բազմազան է. սկսած երեւակայութիւնը զարգացնելէն մինչեւ ճիշդ խօսքի ձեւաւորումը:
Հեքիաթը երեխաներուն մատչելի լեզուով «կեանք» կը սորվեցնէ, կը պատմէ չարի եւ բարիի մասին: Երեխաները աւելի դիւրին կ՛ընկալեն հեքիաթը, քան` մեծերուս դաստիարակչական քարոզները:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ փոքր տարիքէն հեքիաթ լսած երեխաները աւելի կանուխ կը սորվին իրենց միտքերը ճիշդ արտայայտել:
Հեքիաթներուն հիմնական նպատակն է զարգացնել երեխային երեւակայութիւնը եւ ստեղծագործական տուեալները:
Մանկական հեքիաթները կը հարստացնեն երեխային բառապաշարը, տրամաբանութիւնը, յուզական աշխարհը… երեխաները հեքիաթներուն միջոցով պատկերաւոր ձեւով կ՛ընկալեն չարն ու բարին: Հեքիաթներուն մէջ միշտ կը յաղթէ բարին, ինչ որ երեխային կ՛օգնէ յաղթահարելու կեանքի դժուարութիւնները` ենթագիտակիցին մէջ ունենալով բարիի յաղթանակին գաղափարը:
Բոլոր երեխաներն ալ հեքիաթ կը սիրեն: Հեքիաթը երեխայի զարգացման հոլովոյթին մէջ նոյնքան մեծ նշանակութիւն ունի, որքան` խաղը: Հեքիաթներուն միջոցով երեխան կը ծանօթանայ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն, աշխարհի կառուցուածքին, ինչպէս նաեւ` լաւի ու վատի, չարի ու բարիի, քաջի, արդարութեան, յաղթանակի գաղափարներուն: Երեխան ինքզինք կը նոյնացնէ հեքիաթի անվախ հերոսին հետ, կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները, կ՛անցնի փորձառութիւններէ, անոր հետ կը վայելէ յաղթանակին բերկրանքը:
Երեխային հեքիաթ պատմելու յարմարագոյն տարիքը 3 տարեկանն է: Պէտք է ընտրել համեմատաբար պարզ նիւթ ունեցող հեքիաթներ ուր վախազդու պատկերներ չկան, որպէսզի երեխան գիշերները մղձաւանջներ չունենայ:
Կրկին յիշենք, որ ոչինչ կը փոխարինէ գիրքը, որուն առաւելութիւնները անհամեմատօրէն աւելի են, քան` պատկերասփիւռը կամ համակարգիչը:
Ձեռային Աշխատանք
Ի՞Նչ Կարելի Է Ընել
Աւելորդ Կտորներով
Հին վարագոյր մը, սեղանի ծածկոց մը կամ սաւան մը միշտ ալ գործի կը ծառայեն: Անոնցմով կարելի է պատրաստել սեղանի անհատական անձեռոցներ, ծաղկամանի «հագուստներ», լուսամփոփներ եւ պատի զարդարանքներ:
Ա.- Սեղանի խոշոր ծածկոց մը կարելի է քառակուսի ձեւաւորել, չորս կողմերը կարել եւ ապա իւրաքանչիւրին վրայ մետաղեայ զոյգ օղակներ բանալ տալ եւ սեղանը յարդարելու ժամանակ օղակներուն մէջէն ծաղիկ մը հաստատել:
Բ.- Ապակեայ շիշերը հագցուցէք տարբեր գոյնի, բայց իրարու ներդաշնակուող կտորներով: Կրնաք դերձակուհիի մը կամ պարզապէս կարէ հասկցող բարեկամուհիի մը օգնութեան դիմել:
Գ.- Ձեր լուսամփոփին տեսքէն ձանձրացա՞ծ էք, անոր կտորը փոխարինեցէք գծաւոր կամ ծաղկաւոր սեղանի սփռոցով, որ ատենէ մը ի վեր մէկ կողմ դրած էք ու չէք գործածեր:
Դ.- Առէք պահածոյի մետաղեայ տուփեր եւ անոնց չորս կողմը փակցուցէք տարբեր գոյնի եւ նաշխի կտորներ, ապա զանոնք հաստատեցէք պատի մը վրայ եւ մէջը զետեղեցէք այլազան իրեր:
Սեղանի Յարդարանք
Բողկի, Ստեպղինի Եւ
Վարունգի Փունջեր
Եթէ մտերիմներ թեթեւ ընթրիքի մը կամ խմիչքի հրաւիրած էք, կրնաք ձեր սեղանին յատուկ դրոշմ տալ` սովորական բանջարեղէններով գեղեցիկ ծաղիկներ ձեւաւորելով:
Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, բողկերը վերածուած են կակաչներու, ստեպղիններն ու վարունգները` մարգարտածաղիկներու:
Անգամ մը մը ձեւաւորէք, զանոնք հաստատեցէք խորովածի փայտեայ ցպիկներու ծայրամասերուն եւ զետեղեցէք սիրուն սափորներու մէջ:
Խոհագիր
Տուրմով Թարթ
– 1 1/2 – 2 գաւաթ ալիւր
– 1/2 գաւաթ փոշի քաքաօ
– 1 գաւաթ կարագ` սենեակի ջերմութեամբ
– 1 հաւկիթի դեղնուց
– Փոշի վանիլ
– 3/4 – 1 գաւաթ փոշի շաքար
Տուրմով միջուկ
– 200 կրամ կէս քաղցր տուրմ` մանրուած
– 1 գաւաթ թարմ սեր (fresh cream)
– 1 ապուրի դգալ կարագ
– 1 թէյի դգալ ռոմ-կրան մարնիէր կամ որեւէ խմիչք` ըստ փափաքի
– Դեղձ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
1.- Դնել ալիւրը, քաքաոն, շաքարը, կարագը, հաւկիթի դեղնուցը, վանիլը հարիչին մէջ եւ զարնել, մինչեւ որ խմորը գունդի վերածուի:
2.- Հանել եւ դնել նայլըն տոպրակի մէջ, ձգել սառնարանը շուրջ 1 ժամ, որպէսզի ամրանայ: Հանել սառնարանէն. դնել 28-30 սմ չափով թարթի շարժական յատակով կաղապարի մէջ, պատառաքաղով ծածկել յատակը եւ սառցարան (freezer) վերադարձնել խմորը:
3.- Դնել խոհանոցի յատուկ թուղթ (parchment paper) թարթին վրայ, լեցնել պատեանը լուբիայով կամ սիսեռով եւ եփել 35° F/18° C թիւ 4 ջերմութեամբ 20 վայրկեան: Հանել լուբիան եւ թուղթը, եւ շարունակել, մինչեւ որ թարթը ամբողջովին եփի:
4.- Հանել փուռէն եւ ձգել, որ ամբողջովին պաղի, որպէսզի տուրմի միջուկով լեցնենք:
Պատրաստութիւն
1.- Տաքցնել սերը պոյտին (քասըրոլ) մէջ, մարել կրակը եւ պոյտը դնել սեղանին վրայ: Դնել մէջը տուրմի կտորները եւ միասին խառնել, աւելցնել կարագը ու ձգել 1/2 ժամ, յետոյ աւելցնել խմիչքը:
2.- Ստացուած թացանը բաւական թանձրանալէ ետք տարածել եփած թարթի պատեանին մէջ: Զարդարել շերտուած դեղձով եւ դնել սառնարանը:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Երբ կը քայլես այս աշխարհով
Ու կը նայես քո հետքերին,
Չմոռանաս, որ դրանով
Պարտաւոր ես ծնողներիդ…
Չմոռանաս, որ նրանք են
Քեզ այս կեանքը նուիրել,
Չմոռանաս, որ նրանք են
Օրօրոցում քեզ օրօրել…
Քո առաջին քայլից սկսած
Ձեռքդ բռնած կողքիդ քայլել,
Քո առաջին բառից սկսած
Քո բառերին իմաստ գտել…
Երբ կը սիրես, չմոռանաս,
Որ մօր սիրուց ջինջ սէր չկայ,
Երբ կը խօսես, չմոռանաս,
Որ հօր խօսքից ճիշդ խօսք չկայ…
Ու եթէ քայլերդ քեզ կը տանեն
Այս աշխարհի բարձունքներին,
Չմոռանաս, ծունկդ ծալես
Ու խոնարհուես ծնողներիդ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ


