Գաղութէ Գաղութ
Սուրիա
Գրիգոր Զօհրապի Ծննդեան 150-Ամեակին
Նուիրուած Գեղարուեստական Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի մշակութային յանձնախումբին, Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 28 ապրիլին Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Գրիգոր Զօհրապի ծննդեան 150-ամեակին:
Բացման խօսքը արտասանեց Դալար Քահքէճեան, որ ներկայացուց Զօհրապի կենսագրութիւնը: Այնուհետեւ Նաթէլ Տէյրմենճեան կարդաց Զոհրապին նամակը` ուղղուած Թալէաթին, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր: Աստղիկ Ակինեան ներկայացուց Գրիգոր Զօհրապի գրական վաստակը: Եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Արմաշ եպս. Նալպանտեան:
Թեհրան
«Թունեան» Աղջկանց Դպրոցի Գրադարանի
Եւ Համակարգչային Բաժիններու Բացում
2 մայիսին «Թունեան» աղջկանց դպրոցի նորակառոյց շէնքին մէջ կատարուեցաւ դպրոցի գրադարանի եւ համակարգչային բաժիններուն բացումը:
Դպրոցի փոխտնօրէն Շաքէ Աւետեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին ձեռամբ Շաքէ Աւետեանին յանձնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ «Թունեան» դպրոցին յղուած պատուոյ գիրերը` կրթութեան ծիրին մէջ ունեցած ներդրումին եւ դպրոցի 50-ամեակին առթիւ: Նոյն առիթով ան նաեւ պարգեւատրուեցաւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Առաքելեան անդրադառնալով Թեհրանի գիրքի ցուցահանդէսին մասնակցած Հայաստանի հրատարակչութիւններուն` նշեց, որ պատկան տաղաւարին մէջ գտնուող բոլոր մանկական գիրքերը դեսպանութեան կողմէ պիտի նուիրուի «Թունեան» դպրոցի նորաբաց գրադարանին:
Գեղարուեստական յայտագրին յաջորդեց սրբազան հօր խօսքը: Ան անդրադարձաւ Հայ գիրքի տարուան առիթով նման ձեռնարկներու կարեւորութեան: Հանդիսութեան աւարտին Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Գէորգ Աբուլեան երախտագիտական խօսք ուղղեց «Թունեան» դպրոցի ծնողներուն` իրենց ցուցաբերած օժանդակութեան համար:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ դպրոցին տնօրէնը:
Պարսից Ծոցի Ազգային Օրուան Առիթով
Համերգ
Պարսից ծոցի ազգային օրուան առթիւ 2-3-4 մայիսին «Ուահտաթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թեհրանի սիմֆոնիք նուագախումբին եւ երգչախումբին համերգը:
Սիմֆոնիք նուագախումբի հիւր ղեկավարն է Շահտաթ Ռոհանի, իսկ սիմֆոնիք նուագախմբի երգչախումբին ղեկավարն է իրանահայ անուանի խմբավար Ռազմիկ Օհանեան:
Համերգին ներկայացուեցան Պարսից ծոցին վերաբերող իրանցի երգահաններու ստեղծագործութիւնները:
Մեծ Եղեռնի 97-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկ
Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող 11 կառոյցներու համագործակցութեամբ, 4 մայիսին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի 97-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորհուրդի անդամ Նորա Աբադեան: Ապա Իսլամական խորհրդարանի հիւսիսային իրանահայութեան նորընտիր երեսփոխան տոքթ. Կարէն Խանլարեան խօսք առնելով` կեդրոնացաւ Հայ դատի երկու հիմնական պահանջներուն` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնօրէն ճանաչման եւ հողային հատուցման հարցերուն վրայ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին Իրանահայ ուսուցիչներու միութեան նախագահ Տանիա Վարդանեան շնորհակալական խօսք ուղղեց ձեռնարկին մասնակցողներուն եւ ներկաներուն:
Վեհափառ Հայրապետին
Այցելութիւնները
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետն Թեհրան կատարած այցելութիւններու ծիրին մէջ 8 մայիսին այցելեց Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանատուները, ուր ծանօթացաւ տարուած աշխատանքներուն:
Նոյն օրը վեհափառը այցելեց Սասուն քաղաքամասին մէջ գործող ՀՄ «Սիփան» միութիւն, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ Արմէն Բեգլարեան ներկայացուց միութեան աշխատանքները: Ապա վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը:
Երեկոյեան ան այցելեց ՀՄՄ «Րաֆֆի» համալիր, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ապա Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթք, որուն ընթացքին խօսք առաւ թեմի առաջնորդը, իսկ օրհնութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետը: Ապա «Շաղուլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն յաջորդեց ընթրիք-երեկոյ` ի պատիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որուն ընթացքին վեհափառը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ասպետի շքանշան շնորհեց ազգային վաստակաւոր գործիչ Թ.Հ. Թեմական խորհուրդի նախկին ատենապետ իրաւաբան տոքթ. Աիդա Յովհաննիսեանին:
9 մայիսին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան խօսք առնելով` բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գործող միութիւններու եւ մարմնամտային խանգարումներով հայ երեխաներուն օժանդակող «Ակունք» կեդրոնին մասին, որմէ ետք խօսք առաւ վեհափառ հայրապետը, որ շեշտեց եկեղեցական կեանքին մասնակցութեան` գնահատելով ազգային իշխանութեան եւ թեմի առաջնորդին հովանիին ներքեւ գործող «Ակունք» կեդրոնին մէջ իրականացուող աշխատանքները:
Ապա վեհափառ հայրապետին ձեռամբ բացումը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող «Արտակ արք. Մանուկեան» թանգարանին մէջ հայ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսին` նուիրուած Հայ գիրքի տարուան:
Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը այցելեց «Ակունք» կեդրոն, որմէ ետք Հայ կանանց եկեղեցասէր միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով` բարձր գնահատեց հայ կնոջ դերը` ազգային-հասարակական-եկեղեցական կեանքին մէջ:
Նոյն օրը վեհափառը այցելեց «Ալիք» օրաթերթի խմբագրատուն, ուր մօտէն ծանօթացաւ տարուած աշխատանքներուն: Ապա տեղի ունեցաւ ճաշի ընդունելութիւն, որուն ընթացքին խօսք առին թերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Գեւիկ Մկրտչեան, նորընտիր երեսփոխան տոքթ. Կարէն Խանլարեան, նաեւ Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչը:
Օրհնութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ վեհափառ հայրապետը:
Նոյն օրը երեկոյեան վեհափառ հայրապետին ներկայութեամբ գումարուեցաւ ԹՀԹ Պատգամաւորական ժողովը:
Նոր Ջուղա
Թեհրանի Հայ Մշակութային «Արարատ»
Կազմակերպութեան Եւ Նոր Ջուղայի Հայ
Մարզամշակութային «Արարատ» Միութեան
Կեդրոնական Վարչութիւններուն Հանդիպումը
Վերջերս տեղի ունեցաւ Թեհրանի ՀՄ «Արարատ» կազմակերպութեան եւ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան պատասխանատուներուն հանդիպումը:
Հանդիպումին ընթացքին միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Վարուժ Մինասեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք ներկայացուեցան Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան եւ Նոր Ջուղայի Հայ ՄՄ «Արարատ» միութեան կեդրոնական վարչութիւններուն անդամները եւ պատասխանատուները, ապա տեղի ունեցաւ ծանօթացում աշխատանքային ոճի, կառավարման եղանակի եւ տնտեսական միջոցներու հայթայթման հարցերու: Աւարտին, մշակուեցան ծրագիրներ` ապագայի հեռանկարով:
Գահիրէ
Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ
Գիրքի Շնորհահանդէս
Գահիրէի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը 3 մայիսին կազմակերպած էր հանդիպում «Տը Քալիֆորնիա Քուրիէր» թերթի հրատարակիչ եւ գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեանին հետ, ինչպէս նաեւ` անոր հեղինակած «Հայոց ցեղասպանութիւն. աշխարհը ձայն կը բարձրացնէ, 1915-2005. փաստաթուղթեր եւ հռչակագրեր» խորագրով գիրքի արաբերէն երկրորդ հրատարակութեան շնորհահանդէս:
Իր բացման խօսքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Մելքոնեան բարձր գնահատեց Յ. Սասունեանի` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն մէջ ունեցած ներդրումը եւ ծաւալած հասարակական գործունէութիւնը: Ականաւոր ցեղասպանագէտ, հայագէտ տոքթ. Մոհամետ Ռֆաաթ Իմամ, որ նաեւ գիրքի նոր հրատարակութեան նախաբանին հեղինակն է, արժեւորեց Սասունեանին աշխատութիւնը` որպէս Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերաբերող առկայ կարեւոր փաստաթուղթերն ու յայտարարութիւնները համախմբելու եւ ներկայացնելու փորձ: Իր ելոյթին մէջ Յարութ Սասունեան քննադատեց Թուրքիոյ վարած ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը, անդրադարձաւ ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի ներկայ հարցերուն:
Յայտնենք, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն. աշխարհը ձայն կը բարձրացնէ, 1915-2005. փաստաթուղթեր եւ հռչակագրեր» գիրքը առաջին անգամ արաբերէնով հրատարակուած է 2005-ին, Պէյրութի մէջ, թարգմանութեամբ Նորա Արիսեանի: Արաբերէն երկրորդ հրատարակութիւնը եղաւ Եգիպտոսի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, գիրքը եգիպտացի ընթերցողներուն հասանելի դարձնելու նպատակով:
Յորդանան
Մեծ Եղեռնի Ոգեկոչում
Նախաձեռնութեամբ Ամմանի Ազգային տեղական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ ամմանահայ միութիւնները համախմբող մարմինին (ԱՄՄ, ՀՄԸՄ, ՀՕՄ, Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւն), 24 ապրիլին Ս. Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարին մօտ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Նոյն օրը երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գլխաւոր ձեռնարկը: Հանդէսին բացումը կատարեց Նշան Մխճեան: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան գլխաւոր բանախօս տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառներուն, ապա Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներու ծիրին մէջ ան թուեց կարգ մը նոր իրավիճակներ եւ երեւոյթներ` եզրակացնելով, որ Հայ դատի հետապնդումը կը գտնուի որակական նոր հանգրուանի մը սեմին եւ իբրեւ լոզունգ` առաջադրեց «Ազգայնասիրութենէն` հայրենասիրութիւն, զգացողականութենէն` գիտականութիւն» լոզունգը:
Ոգեկոչումը փակուեցաւ յորդանանահայոց առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ Վահան արք. Թոփալեանի խօսքով:
Մոսկուա
Հայկական Դպրոցի Բացում
Մոսկուայի մէջ պիտի բացուի հայկական դպրոց մը, ուր առաջին 4 դասարաններու աշակերտները պիտի սորվին հայոց լեզու, իսկ բարձր դասարաններուն մէջ հայերէնով պիտի դասաւանդուի հայ ժողովուրդի եւ հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն:«Էյ. Վի. Էյ. կրուփ աֆ քոմփանիզ օյլ էնտ կազ»-ի նախագահ Վլատիմիր Յարութիւնեան Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Ռուսիա երէկ, այսօր, վաղը» թեմայով դասախօսութեան ընթացքին նշեց, որ համապաստասխան` ծրագիր կը մշակուի: Ան հաստատեց, որ առանց անցեալի պատմութեան դժուար է դիմակայել եւ հասկնալ այսօրուան բարդ մարտահրաւէրները, շեշտելով, որ ներկան նաեւ անցեալի պատմութեան արժէքներու պահպանումն է: Ան ընդգծեց, որ այսօրուան կարեւորագոյն հարցը կիրթ հասարակութիւն ունենալն է:
Ֆրանսա
Ապրիլեան Ոգեկոչում Եւ Մեծարանքի
Հանդիսութիւն Ի Պատիւ Ռընէ Ռուքէի
29 ապրիլին Ալֆորվիլի Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մեծ եղեռնի նահատակներու հոգիներուն համար:
Աւարտին Աշտարակ հրապարակին վրայ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան խաչքար-յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ հաւաք, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Ալֆորվիլի նախկին եւ ներկայ քաղաքապետներ` Ռընէ Ռուքէ եւ Լիւք Քարվունաս: Ապա հրապարակին կից մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն` ի պատիւ Ռընէ Ռուքէի, որ իր պաշտօնավարութեան 24 երկար տարիներուն ընթացքին երբեք չէ զլացած իր աջակցութիւնը հայութեան, Հայ դատին, Հայաստանին, ինչպէս նաեւ` Արցախին:
Հայութեան կողմէ խօսք առնելով քաղաքապետարանէն Սիմոն Սիմոնեան դրուատեց Ռընէ Ռուքէի անուրանալի վաստակն ու արժանիքները, որմէ ետք ունկնդրուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կոնդակը: Ապա իր հայանպաստ բազմամեայ գործունէութեան որպէս գնահատանք` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ, ընդառաջելով Ալֆորվիլի ծխական խորհուրդի դիմումին, Ռընէ Ռուքէի շնորհուեցաւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը:
Միացեալ Նահանգներ
Ալիեւի Այցելութեան Դէմ Ցոյց
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Նիւ Եորքի «Ա. Գարօ» եւ Նիւ Ճըրզիի «Դրօ» կոմիտէներուն, 4 մայիսին Նիւ Եորքի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնի մուտքին շրջանի հայ գաղութը խաղաղ ցոյց մը կատարեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցելութեան առթիւ: Այս ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան յիսուն հայորդիներ: Անոնց դիմաց խումբ մը թուրքեր եւ ազերիներ միասնաբար կատարեցին հակահայ ցոյց մը` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կեդրոնի մուտքին միւս կողմը:
Նշենք, որ 1 մայիսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը մէկ ամիսով ստանձնած էր Ազրպէյճան, եւ այս առթիւ Ալիեւ ժամանած էր Նիւ Եորք: Կը սպասուի, որ նոյնինքն Ալիեւի նախագահութեամբ, յառաջիկայ շաբաթներուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ բարձր մակարդակի բաց նիստ մը գումարուի:
ՄԱԿ-ի մօտ Ազրպէյճանի մնայուն ներկայացուցիչ Ակշին Մեհտիեւի յայտնեց, թէ Պաքուի համար այս աննախընթաց իրադարձութիւնը պատմական մեծ նշանակութիւն ունի:
Քանատա
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց
Առաքելական Եկեղեցւոյ Օծման 25-Ամեակ
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Խաժակ gրք. Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեանի եւ հոգաբարձութեան, 4 մայիսին Վանքուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ դասական համերգով մը նշուեցաւ եկեղեցւոյ օծման 25-ամեակը:
Համերգը նուիրուած էր Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործութիւններուն եւ ներկայացուած` «Ֆինիքս չեմպըր քուար»-ի կողմէ, ղեկավարութեամբ փրոֆ. Ռամոնա Լուէնկենի: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ արուեստագէտ Գէորգ Հաճեան (թենոր)` յատկապէս հրաւիրուած Հայաստանէն եւ տեղական արուեստագէտներ` սոփրանօ Թամար Սիմոն Կրեկորեան եւ սոփրանօ Սեւան Քէօշկերեան, որոնց դաշնակի վրայ կ՛ընկերակցէր Ժուան Ուանկ:
Ձեռնարկի աւարտին շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան նահանգային բազմամշակոյթի նախարար Ճան Եափ, ԼՂՀ ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան:
6 մայիսին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ հաստատեց, թէ հայ եկեղեցին հայուն հայկական հարազատ տունն է, յատկապէս` հայրենիքէն դուրս պանդխտութեան ափերուն վրայ: Ան շեշտեց, որ 25-ամեակի տօնակատարութիւնը նոր պարտականութեան մը ուխտն է, յիշեցումն է, որ գործ կայ ընելիք մեր զաւակներուն, մեր ապագային եւ մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի պայծառութեանը համար:
Այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ սրբատառ կոնդակով իր պատգամը յղած էր Վանքուվըրահայ գաղութին:
Արժանթին
Միջազգային Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ
Նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Օրը
Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցած Գիրքի 38-րդ միջազգային ցուցահանդէսին, ուր առանձին տաղաւարով ներկայացուած էր Հայաստանը, 1 մայիսին նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրը:
Օրուան կեդրոնական ձեռնարկը, որ կը վայելէր Արժանթինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութիւնը, տեղի ունեցաւ «Խոսէ Հերնանտեզ» սրահին մէջ: Ելոյթ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական Յ. Յակոբեան եւ Պուէնոս Այրես քաղաքի մշակոյթի նախարար Էրնան Լոմպարտի, որոնք անդրադարձան Երեւանը 2012 գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելու փաստին եւ այդ առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, նաեւ երկու երկրներու մշակութային կեանքին մէջ գիրքին ունեցած կարեւոր նշանակութեան մասին: Նախարար Լոմպարտի Երեւան կատարած իր այցելութիւնը բնութագրեց որպէս բազմաբովանդակ եւ անմոռանալի:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

