Որկոր Եւ Որկորի Հիւանդութիւններ

Որկորը, կերակրափողը, մկանային, բարակ, պարապ եւ երկար խողովակ մըն է, որ ունի12-13 սմ երկարութիւն: Անիկա կ՛երկարի ենթաըմբանէն  մինչեւ ստոծանի եւ ստամոքսի սկզբնաւորութիւնը: Որկորը կը փոխադրէ ծամուած սննդանիւթերը եւ բերնին մէջ զետեղուած հեղուկները` դէպի ստամոքս: Այս փոխադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ ակամայ, որկորի մկաններու գալարակծկումներով:

Որկորը կը յատկանշուի յստակ երկու կծկումներով (constricrors). առաջինը կը գտնուի անոր սկզբնաւորութեան եւ կը կոչուի վերին կծկում, իսկ երկրորդը կը գտնուի անոր վերջաւորութեան եւ կը կոչուի վարի կծկում: Որկորը կազմուած է բարակ մկաններէ եւ անոր ներքին մակերեսը ծածկուած է յատուկ խլնաթաղանթով մը:

Բերնին պարունակութիւնը կուլ տալու սկզբնաւորութեան խռչափողի երկու իրական ձայնալարերը անդրադարձաբար (reflexly) եւ ինքնաբերաբար իրարու կը մօտենան եւ կը փակեն խռչափողը, որպէսզի կուլ տրուած նիւթերը սխալմամբ մուտք չգործեն խռչափող եւ չուղղուին դէպի թոքերը: Սննդանիւթերու մուտքը եւ ներկայութիւնը թոքերուն մէջ կը յառաջացնէ շնչահեղձութիւն եւ ապա թոքերու բորբոքում:

Կլլելու գործողութիւնը հեզասահ ընթանալու համար կերակուրի պատառիկները լաւապէս ծամուին եւ լորձունքով խմորուին ու կակուղնան: Որկորը չի կրնար փոխադրել կերակուրներու խոշոր պատառիկները, որոնք աւելի մեծ տարողութիւն ունին, քան` իր բացուածքը:

Որկորը մարմնի բոլոր օրկաններուն նման կրնայ ունենալ հիւանդագին եւ անբնական երեւոյթներ, որոնցմէ կարելի է յիշել կարեւորագոյները.

Ա.- Զուտ որկորային հիւանդութիւններ:

ա.- Որկորի մասնակի կամ ամբողջական խցում.

1.- Օտար մարմիններու գոյութեան պատճառով խցում: Օտար մարմին ըսելով` կը հասկնանք այն, ինչ որ սննդանիւթ չէ: Անիկա կրնայ ըլլալ որեւէ կարծր եւ մեծ մարմին մը, նիւթ մը, որ չի կրնար անցնիլ որկորին մէջէն եւ կը խցէ զայն: Ընդհանրապէս տեսնուած օտար մարմիներէն կարելի է յիշել մետաղային դրամներ եւ ոսկորի կտորներ: Օտար մարմիններուն 95 տոկոսը կը տեսնուին որկորի վերին կծկումին մէջ, իսկ 5 տոկոսը` վարի կծկումին մէջ:

2.- Սննդանիւթերու մեծ պատառիկներու պատճառով խցում.

3.- Որկորի ընդոծին թաղանթ-մաշկ (web):

Անիկա բարակ մաշկ մըն է, որ կը պատահի որկորի որեւէ բաժնին մէջ: Անիկա կրնայ ըլլալ պզտիկ, մեծ եւ մէկէ աւելի: Այս ընդոծին անբնական կացութեան պատճառով նորածինը չի կրնար կլլել խմած կաթը եւ շարունակ կը փսխէ: Շտապ վիրաբուժական գործողութիւն մը կը դառնայ պարտաւորիչ:

4.- Որկորի լաւորակ, ոչ վտանգաւոր  եւ վատորակ` խլիրդ ուռերով խցում: Այս ուռերու դարմանումը կ՛ըլլայ ընդհանրապէս վիրաբուժական գործողութեամբ:

5.- Սրտի մայր զարկերակի (aorta) աղեղի (arch) ճնշումով մասնակի խցում:

6.- Թոքային մեծ խլիրդային ուռերու ճնշումով մասնակի խցում.

7.- Որկորի ընդոծին նեղացում (constriction, stricture), որ կը տեսնուի ընդհանրապէս որկորի վարի բաժնին մէջ: Որեւէ  պատճառով պատահած որկորի խցումը շուտով պէտք է վերացուի, որպէսզի ենթական կարենայ բնականօրէն ուտել եւ խմել:

բ.-  Որկորի ծոցիկներ (diverticulum):

Ասոնք որկորի պատերուն վրայ տեսնուած մեծ ու պզտիկ բոսիկներ են, որոնք կրնան յայտնուիլ որկորի որեւէ բաժնին մէջ, բայց մասնաւորաբար` անոր վերի մէկ երրորդ բաժնին մէջ: Անոնք կը յառաջացնեն կլլելու դժուարութիւն, չմարսուած սննդանիւթերու յետադարձութիւն (reflux) դէպի ենթաըմբան եւ բերան, ինչպէս նաեւ` անախորժ հոտի եւ համի զգացում: Մեծ ծոցիկները նշմարելի կ՛ըլլան բժշկական քննութեան ընթացքին` պարզապէս` շօշափելով հիւանդին վիզը: Որկորի ծոցիկները կը վերանան վիրաբուժական գործողութեամբ:

գ.- Թունաւոր հեղուկներով որկորի այրուածք:

Մարդիկ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կուլ կուտան զանազան տեսակի թունաւոր հեղուկներ: Թթու (acidic) հեղուկներ կը յառաջացնեն մակերեսային այրուածք, իսկ կալաքարային (alkaline) հեղուկներ կը յառաջացնեն խորունկ այրուածք: Այս այրուածքներուն պատճառով որկորը մէկէ աւելի տեղեր կը սպիանայ եւ որոշ չափով կը նեղնայ: Որկորի այրուածքին կ՛ուղեկցի նաեւ ընդհանրապէս խռչափողի այրուածք: Որկորի եւ խռչափողի այրուածքներուն պատճառով հիւանդը կը տառապի որկորի ցաւէ ու այրուածքէ, կլլելու դժուարութենէ, խռչափողի ջրուռեցքէ (edema), ձայնի խռպոտութենէ եւ շնչահեղձութենէ: Շատ քիչ պարագաներուն որկորի պատը կը ծակի դէպի շնչափող եւ կը ստեղծուի կեղանք- խլուակ (fistula) մը շնչափողի եւ որկորի միջեւ: Այս նորաստեղծ խլուակին միջոցով կուլ տրուած նիւթը կրնայ շատ դիւրաւ մուտք գործել շնչափող եւ հոնկէ թոքերը. Այս կացութիւնը կը յառաջացնէ թոքատապ եւ շնչահեղձութիւն:

Թունաւոր կազերով որկորի այրուածքը կը կարօտի հիւանդանոցային շտապ օգնութեան  եւ երկարատեւ բժշկական դարմանումի: Յաճախ շտապ վիրաբուժական գործողութիւն մը պարտաւորիչ կը դառնայ:

դ.- Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն (gastro-esophageal reflux).

Ասիկա կը յառաջացնէ` որկորի ուռեցք, ցաւ եւ այրուածք, ինչպէս նաեւ` ստամոքսի թթու պարունակութեան յետադարձութիւնը դէպի բերան: Այս կացութիւնը կը դարմանուի թէ՛ դեղերով եւ թէ՛ վիրաբուժութեամբ:

ե.- Մեծ պատառի մը, գունդի մը (lump) եւ կամ օտար մարմինի մը գոյութեան զգացումը որկորի վերին բաժնին մէջ:

Այս կը պատահի առաւելաբար ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն  եւ հոգեբանական որոշ խանգարումներ ունեցողներուն մօտ: Այս հիւանդագին երեւոյթը կը բուժուի վիրաբուժի մը եւ կամ հոգեբուժի մը կողմէ:

զ.- Ստամոքսա-որկորային ճողուածք (hernia),

Ասոր ախտանշանները կրնան ըլլալ` ստամոքսի եւ որկորի ցաւ, ուռեցք եւ այրուածք: Այս կացութիւնը կը դարմանուի դեղերով եւ վիրաբուժական միջամտութեամբ:

է.- Որկորի մկաններու տկարացում եւ աշխատանքի դանդաղում.

Այս կացութիւնը կը յառաջանայ տարիքի յառաջացման պատճառով:

Բ.- Որկորի հիւանդութիւններ այլ հիւանդութիւններու ուղեկցութեամբ.

ա.- Plummer-Vinson Syndrome:

Այս համախտանիշը (syndrome) ընդհանրապէս կը տեսնուի իգական սեռին մօտ, 20-50 տարիքի միջեւ: Ամոր ախտանշաններն են` արեան երկաթի նուազում եւ արեան տկարութիւն, ստամոքսա-որկորային ճողուածք եւ ստամոքսաբորբ: Բարեբախտաբար այս բոլոր ախտանշանները ընդհանրապէս կ՛անհետանան երկաթի գործածութեամբ:

բ.- Պնդամաշկութիւն (scleroderma):

Անիկա մորթային հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի մորթի տարբեր խաւերուն կարծրացումով եւ պրկուածութեամբ: Ասոր կ՛ուղեկցին որկորի ներքնամաշկի կարծրացումը եւ պրկուածութիւնը, որոնց պատճառով որկորը կը նեղնայ, եւ հիւանդը կ՛ունենայ կլլելու դժուարութիւն:

գ.- Մկանային որոշ հիւանդութիւններու պարագային, որկորը կ՛ունենայ անբնական եւ տկար շարժումներ եւ  պրկումներ:

Որկորի բոլոր տեսակի հիւանդութիւնները կ՛ախտաճանաչուին որկորադիտակումով (esophagoscopy): Անով կը դարմանուին նաեւ որկորի կարգ մը հիւանդութիւնները: Որկորադիտակ գործածող բժիշկը ըլլալու է պատրաստուած եւ մասնագէտ բժիշկ մը: Որկորադիտակումը դիւրին միջոցառում մըն է, սակայն անփորձութեան պատճառով կրնան պատահիլ կարգ մը բարդութիւններ, օրինակ` շրթունքի եւ ակռաներու վնաս, լեզուի պատռուածք, որկորի պատռուածք, ծակ եւ արիւնահոսում, ինչպէս նաեւ` խռչափողի վնասում ու շնչափողա-որկորային խլուակի ստեղծում:

Պատրաստեց`
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES