ՀՄԸՄ Ժտէյտէ Մասնաճիւղի Տարեկան Ճաշկերոյթ
Շաբաթ, 5 մայիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, «Լը Փինիոն» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ՀՄԸՄ Ժտէյտէի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան:
Պարահանդէսին ՀՄԸՄ Ժտէյտէի վարչութեան խօսքը արտասանեց Յովսէփ Համամճեան: Ան իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին` նշելով, որ աւելի քան 100 տարի առաջ Պոլսոյ թաղերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ հայ սկաուտական խումբերու առաջին երթը, որ կը նպատակադրէր հայ պատանիին ու երիտասարդին մէջ նախ կերտել մարդը, հայը եւ ապա` սկաուտը: Եւ այդպէս սկսաւ երթը միութեան մը, որ ահա 100 տարիէ ի վեր միշտ ու միշտ կանգնած է պատնէշի վրայ` դիմակալելով ամէն տեսակի մարտահրաւէրի:
Յովսէփ Համամճեան խօսքին մէջ շեշտը դրաւ ՀՄԸՄ-ի դերակատարութեան վրայ` յայտնելով, որ ՀՄԸՄ-ը ունեցած է մեծ նշանակութիւն եւ ցարդ ունի հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ ընդհանրապէս, նոր սերունդներու բարոյական եւ հոգեւոր դաստիարակութեան պատասխանատու գործին մէջ` մասնաւորապէս: Ան նշեց, վստահ ենք, որ այսօր ձեր քաջալերանքով եւ ներկայութեամբ կը հաստատէք այդ իրականութիւնը եւ յոյս ու կեանք կը ներշնչէք ՀՄԸՄ-ին, որպէսզի յարատեւէ նոր նուաճումներով, նոր հաւատով եւ նոր 100-ամեակներու կերտումով:
Ան իր խօսքին մէջ նաեւ փառաբանեց ՀՄԸՄ-ի դրօշը եւ այդ դրօշը բարձր պահած կամաւոր բանակը` բիւր յարգանք մատուցելով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ այդ ընտանիքը առողջ պահող համակիրներուն եւ ծնողներուն:
Յ. Համամճեան խօսքը եզրափակեց` ըսելով, Կը հաւատանք, որ սկաուտական «Մի՛շտ պատրաստ»-ով 100 տարի առաջ ընթացք առած երթը պիտի շարունակուի: Հայութեան ծառայութեան լծուած այս միութեան երթը կանգ պիտի չառնէ: Այնքան ատեն որ հայութիւնը դատ ունի, ՀՄԸՄ-ը պիտի շարունակէ ըլլալ իր հայրենի հողէն հեռու ապրող սերունդները հայօրէն կերտելու առաքելութեան լծուած կառոյցը, որուն երդիքին տակ հասակ առին ու պիտի առնեն այնպիսի հայեր, որոնք մնայուն ձգտումը պիտի ունենան Արարատի կատարին հայոց եռագոյնին ծածանումը տեսնելու:
Այնուհետեւ, բեմ բարձրացաւ ժողովրդային սիրուած երգիչ Վարդանագին եւ ճոխացուց մթնոլորտը: Պարահանդէսին յաւելեալ խանդ եւ ճոխութիւն պարգեւեց հիւրաբար ներկայ գտնուող Սեւան Ադամեանը, երբ իր գեղեցիկ կատարողութեամբ մեկնաբանեց էստրատային եւ ժողովրդային երգերու շարք մը, ներկաները պարուրելով բարձր տրամադրութեամբ: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:

