Միտք Գործածե՞Լը Կարեւոր Է, Թէ՞ Միտքը Ճիշդ Կերպով Գործածելը
ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ամենահին թատերաբեմը մարդո՛ւն միտքն է, ուր ներկայացուած ու խաղացուած են բազմաթիւ «թատրոն»-ներ եւ «արար»-ներ: Անոր «հնութիւն»-ը կ՛երկարի մինչեւ մարդու ստեղծագործութիւն: Ահա թէ ինչո՛ւ պատմութեան ընթացքին իրենց գիրքերով, տեսութիւններով, փիլիսոփայութիւններով աշխարհը նուաճած իմաստուններէն սկսեալ, մինչեւ ամենայետին մարդը աստուածապարգեւ մտքո՛վ կառավարած են իրենց կեանքը, ոմանք բարձունքներ ու յաջողութիւններ ձեռք բերած են, իսկ ոմանք իրենց պայծառ իմացութեամբ շատերու հիացմունքին պատճառն են դարձած: Ուրիշներ ճիշդ ներհակ պատկերը ունեցած են. իրենց իսկ խելայեղ մտածումներով, անհիմն խօսքերով եւ անհեռակայ ծրագրաւորումներով յաջողութեան դիմաց անդիմադրելի պատնէշներ կանգնեցուցած են, որոնք օրերու ընթացքին ամրացած են եւ` «անջրդի» վայրերու մէջ կայք հաստատած:
Լսուած խօսք է, թէ` «Միտքը անտեսանելի բնութիւն է, բնութիւնը` տեսանելի միտք» (Հայնէ): Միջնադարէն սկսեալ մինչեւ օրերս մարդ արարածին անտեսանելի թուացող մտքէն յայտնաբերուած են բազում գերահրաշ ու զարմանազան ստեղծագործութիւններ, որոնք բացայայտ արդիւնքներն են ՄԻՏՔ կոչուող փոքրամասնիկին: Ադամ-Եւայով սկզբնաւորուող այսօրեայ մարդը անկասկած իր իրագործումներով, զարգացումներով ու սխրագործումներով կը տարբերի տասը դար առաջ ապրող գոյակէն: «Հին» մարդը իր կեանքը վաստկելու ու իր ընտանիքին օրապահիկը ապահովելու համար ճակտի քրտինքով կը տառապէր` գէթ իր կեանքը ապրելու եւ անցընելու համար: Այսօր իրադրութիւնը ամբողջապէս փոխուած է, կարծես ճիշդ հակապատկեր եւ հակաբեւեռ դիրքորոշումը սկսած է ստանալ: Հազուագիւտ են այն անձերը, որոնք այս օրերուն նախակրթարանի տարրական ուսում չեն ստացած: Իւրաքանչիւր շնչաւոր եւ բանաւոր էակ 21 դարու նորարարութիւններուն հետ քայլ պահելու համար անպայմանօրէն կը հետեւի ուսման, իր մտքի կարկինը կը փորձէ միշտ լայն բանալ` օգտուելու ուսման ընձեռած արդիւնքներէն ու հնարաւորութիւններէն: Սակայն ա՞յս կը պահանջէ մեզմէ «համաշխարհայնացած» կոչուած 21-րդ դարը…
Նախքան այդ հարցումին պատասխանելը, հարց տուր դուն քեզի, թէ ո՞վ է մարդը յարաբերաբար Աստուծոյ: Որպէսզի կարենանք աւելի լաւ հասկնալ ենթախորագրիս առնչուած նիւթը, պէտք է նայիլ մարդու ստեղծման դրուագին, տեսնել, թէ ինչպիսի՛ արարած մըն է ան եւ ի՛նչն է, որ զինք կը զատորոշէ այլ արարածներէ:
Ըստ աստուածաշնչական տուեալներու, մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ նմանութեամբ, հողէն գոյաւորուած եւ «կենդանի շունչով» «կենդանի հոգի»-ի վերածուած: Աստուծոյ նմանութիւն ըսելով` կը հասկնանք այն, թէ մարդ օժտուած է ազատութեամբ, անմահութեամբ եւ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ: «Մարդը արարած մըն է, որ իր գոյութիւնը եւ իր բնութիւնը կը պարտի իրմէ վեր էակի մը` Աստուծոյ: Էակ մը դարձեալ, որ կամուրջի մը նման կը միացնէ երկու տարբեր բնութիւններ` հոգեղէնը եւ նիւթեղէնը: Այս կէտին վրայ պէտք է ըմբռնել մարդ էակին առանձնայատկութիւնը եւ ըստ այնմ դիտել անոր յարաբերութիւնը մէկ կողմէ Աստուծոյ հետ, եւ միւս կողմէ` նիւթեղէն աշխարհին հետ, իբրեւ նմանութիւն մը առաջինին` ենթակայութեան վիճակով, եւ նմանութիւն մը վերջինին` տիրութեան կամ գերակայութեան դիրքով: Մարմնով, մեր նիւթեղէն իրականութեամբ կը գրաւենք տեղ մը որոշ ժամանակի մը եւ որոշ տարածութեան մը մէջ: Բայց միանգամայն կրնանք ներկայ ըլլալ ուրիշ աշխարհի մը մէջ, եւ անտեսելով ժամանակային ու տարածական պայմանները մեր նիւթեղէն գոյութեան` կրնանք մտածել ուրիշ աշխարհի մը մասին, ապրիլ` ուրիշ իրականութեանց հետ հոգեկան հաղորդակցութեամբ» (Գարեգին Բ. կաթողիկոս):
Կաթոլիկ նշանաւոր աստուածաբան Քարլ Ատամ խօսելով մարդ արարածին բնութեան մասին, կը բնորոշէ` ըսելով. «Մարդ առեղծուած մըն է: Երկու աշխարհներու սահմանին վրայ` ան ինքզինք ըլլալու համար պէտք ունի երկուքին ալ: Երկինք եւ երկիր, ժամանակ եւ յաւիտենականութիւն իր մէջ իրարու կը հանդիպին: Երկրային իրականութեան այնպիսի կէտի վրայ է, ուր արարածը կը գիտակցի իր դիւրաբեկութեան ու կը ճանչնայ իր Արարիչը, ուր կ՛արթննայ առ Աստուած երթալու, եւ ուր ինքզինք պատրաստ կը զգայ լսելու աստուածային սիրոյ հրաւէրը»:
Ի դէպ, անբան անասունէն մարդը տարանջատող հիմնական կէտերէն մէկն է` ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, որ զուգորդուած է մտքին հետ: Մարդ իր մտքով դատաստան կատարելու կարողութեամբ օժտուած է, որ իբրեւ նիւթ ունի կա՛մ ուղղակի ըմբռնումներ, թանձրացեալ իրեր, եւ կամ առհասարակ գաղափարներ: Իսկ միտքը տարբեր ու բազմապիսի պատկերներու միջեւ կապեր կը տեսնէ ու զանոնք իրարու կ՛աղերսէ: Երբ կը կարողանաս դատաստաններ կատարել, սա բացայայտօրէն կ՛ապացուցէ, որ դուն ինքդ բանականութեամբ ստեղծուած ես եւ քու իւրաքանչիւր արարքիդ պատասխանատուն ես: Շահան Պէրպէրեան բանականութիւնը կը սահմանէ` ըսելով. «Բանականութիւն ըսելով` կը հասկնանք ամբողջ մը էական գաղափարներու եւ սկզբունքներու, որ նոյն ձեւով գոյութիւն ունին բոլոր միտքերուն մէջ: Բոլոր միտքեր իրենց մտածումները անոնցմով կը կատարեն® Այդ սկզբունքներուն եւ յղացքներուն ամբողջութիւնը, որ կը կազմաւորումի եւ կը վարէ իմացականութեան գործողութիւնները, կը կոչուի ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: Եւ որովհետեւ բոլոր մարդոց միտքերուն մէջ կան նոյն սկզբունքները եւ նոյն յղացքները, որոնք կը վարեն իւրաքանչիւրին միտքը, ասոր համար կ՛ըսենք` մարդկային բանականութիւն»: Ահա այդ նմանօրինակ սկզբունքներն ու յղացքներն են, որոնք ի վերուստ դրուած են մեր մէջ Ամենակալին ձեռամբ, եւ որոնք միաժամանակ հասարակաց գիծ կը ստեղծեն մեր եւ մեր նմանակիցներուն միջեւ:
Մանկապատանեկան հարցերով զբաղող ուսումնասէր մանկավարժներ միշտ իրենց ուշքը կեդրոնացուցած են երեխայի մտային աճման եղանակին վրայ եւ ցայսօր կը փորձեն միշտ առաջքը առնել այն մտային հիւանդութեանց, որոնց կրնայ հանդիպիլ ոեւէ երեխայ: Երեխային միտքը «դատարկ» սկաւառակի նման ժամանակի ընթացքին կ՛ընկալէ ու կ՛արձանագրէ լաւ եւ վատ կէտեր, սովորութիւններ, տեսակէտներ, որոնք միաժամանակ ապագային պիտի կազմեն իր նկարագրային վարքագիծերը: Ծնողներ յաճախ կը գանգատին իրենց զաւակներուն ընկալման եւ մտաւոր զարգացման դանդաղեցման հետեւանքներուն կապակցաբար:
Ոմանք կը կարծեն, թէ նմանատիպ հիւանդութիւններ ընդոծին են, որոնք չունին դարման եւ յառաջացում: Մտային զարգացման դանդաղեցման ախտորոշումը գիտնալու համար, տուեալ անձնաւորութիւնը առհասարակ կ՛ունենայ երկու ախտանիշներ. առաջին` մտաւոր անկարող վիճակ, եւ երկրորդ` ամէնօրեայ կեանք վարելու որոշակի խնդիրներ: Այն ընտանիքները որոնց զաւակները նման հիւանդութեամբ կը տառապին, պէտք է համբերատարութեամբ, անհուն սիրով, հասկացողութեամբ… վերաբերին իրենց սրտահատորեակներուն հետ: Առաքելութիւն մը, որ ինքնազոհողութեան ու ինքնանուիրման գերագոյն օրինակը կարելի է համարել:
Կարգ մը բժիշկներու իսկ վկայութեամբ, այսպիսի հիւանդութիւն ունեցող երեխաները` իրենց ծնողներու անհասկացողութեան ու տհաճ վերաբերմունքին պատճառով, կորսնցուցած են իրենց ուշքը եւ կամ` աւելի վտանգալի հիւանդութիւններ ունեցած:
Իրենց կեանքը գիտութեամբ անցընող մարդիկ ու գիտոսիկներ այն եզրակացութեան յանգած են, թէ մարդ միայն մտքով կամ գիտութեամբ կրնայ իր կեանքը բարելաւել կամ առաջնորդել: Միւս կողմէ, յամառաբար կը մերժեն հոգիի գոյութիւնը` զայն նկատելով ոչնչութիւն մը եւ մարդոց կողմէ յերիւրուած մտայնութիւն կամ համոզում մը: Պատմութեան ընթացքին նմանօրինակ մտայնութիւններ ու տեսութիւններ ունեցող ու քարոզող բազում հերձուածողներ եղան եւ ցայսօր զանազան աղանդներու հետեւող «մոլորեալներ» կը շարունակեն որոմ ցանել քրիստոնէական հաւատքի մեր անդաստանէն ներս: Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, մինչ սէրը հաւատքը կ՛ամրապնդէ: Ով որ կը խորհի, թէ բան մը գիտէ, յստակ է, որ տակաւին չի գիտեր այնպէս, ինչպէս որ պէտք է գիտնայ» (Ա.Կր 8.1-2):
Աւետարանական ճշմարտութեան վրայ հիմնուելով` մարմինը աւելի կարեւոր է, քան հագուստը (Հմմտ. Մտ 6.25): Մարմնին ամէնէն կարեւոր մասը դէմքն է, որուն վրայ գտնուող աչքերով կը տեսնենք, ականջներով կը լսենք, քիթով կը շնչենք, բերնով կը խօսինք… Սակայն կայ ասկէ աւելի էականը. մի՛տքը: Մի՞տքն է կարեւորը թէ միտք գործածելը: Միտք գործածե՞լը կարեւոր է, թէ՞ միտք գործածողը: Միտք գործածո՞ղը կարեւոր է, թէ՞ միտքը ճի՛շդ ձեւով ու բարի՛ նպատակի համար գործածողը: Հարցադրումներու շարանը շա՜տ երկար է: Ամէնէն կարեւորը հոգիի բիւրեղութիւնն ու անբծութիւնն է, որոնցմէ կախեալ են ամէն գործընթաց ու արարք: Կրնաս մարդկային չափանիշներով մեծագոյն յաջողութիւններ ձեռք ձգել, բայց եւ այնպէս` տակաւին չհասկնալ կեանքիդ իմաստը եւ չիրականացնել այն նպատակը, որուն համար Աստուած ստեղծած է քեզ:
Սիրելի՛ ընթերցող, այնքան ատեն որ դուն չես դուն քեզ ստեղծողը, ուրեմն երբեք ալ պիտի չկարենաս հասկնալ, թէ ինչո՛ւ համար կաս կամ գոյութիւն ունիս: Դուն կաս, պարզապէս որովհետեւ Աստուած ուզած է, որ ըլլաս: Աստուծոյ մէջ է, որ կը գտնես քու ինքնութիւնդ ու նպատակդ, կեանքիդ իմաստը եւ վախճանդ: Գոյութեանդ հիմնական իմաստը թոյլ տալ է, որ Աստուած գործածէ քեզ իր ճշդորոշած նպատակներուն համար: Առ այդ, անդադար աղօթէ եւ Աստուծմէ խնդրէ, որ Իր կամքին կատարեալ գիտութիւնը տայ քեզի, որպէսզի լեցուիս ամբողջական իմաստութեամբ եւ հոգեւոր իմացականութեամբ, ապրիս Տիրոջ վայել ձեւով` ամբողջութեամբ Իր կամքին համաձայն (Հմմտ. Կղ 1.9-10):
Աշխարհի գիտութիւնը ունայնութիւն է, իսկ Աստուծոյ գիտութիւնը` փրկաւէտ եւ դէպի լոյս-գիտութիւն առաջնորդող: Հետամո՛ւտ եղիր Աստուծոյ գիտութեան…

