Ապրիլեան Ոգեկոչում. Փրկուած Բեկորներ

Ապրիլի 24-ը այս տարի առաւել եւս խորհրդաւոր էր Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ: Երկար տարիներէ ի վեր սուգի այդ օրը, տեղի հայերը իրենց աշխատավայրերը, վարժարաններն ու հասարակական հաստատութիւնները փակած են, որպէս  յարգանք ապրիլեան զոհերու յիշատակին: Սակայն այս տարի հայ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ այլազգի գործատէրերու խանութներուն փակ դռներուն վրայ զետեղուած, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով գրուած ցուցանակները խոր ազդեցութիւն ունեցան քաղաքին վրայ` «Խանութը փակ է ի յիշատակ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն»:

Ցեղասպանութեան 97-րդ տարեդարձին նուիրուած ապրիլեան ձեռնարկներու խճողումին մէջ, իր իւրայատուկ տեղը գրաւեց Հալէպի մէջ տեղի ունեցած` «Փրկուած բեկորներ» խորագրով վաւերագրական ցուցահանդէսը, զոր արժանացաւ բոլորին գնահատանքին: Եռօրեայ ցուցահանդէսը իր տեսակով, որակով ու գիտելիքներու հարստութեամբ կարելի է համարել բացառիկ, որուն ամէնէն հիմնական փաստն է ժողովուրդին ցուցաբերած մեծ հետաքրքրութիւնը, որուն պատճառով ցուցահանդէսը երկարաձգուեցաւ եւս  քանի մը օր:

Ցուցահանդէսի հեղինակ, հայ արխիւային նիւթերու մասնագէտ, հալէպահայ Միհրան Մինասեան իր սեփական արխիւը տրամադրած էր սոյն ձեռնարկին, ուր ցուցադրուած էին Արեւմտեան Հայաստանէն բերուած վաւերագրական փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն օսմանեան կառավարութեան ծրագիրները` իրականացնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ` համիտեան ջարդերու եւ Մեծ եղեռնին հետ կապուած լուսանկարներ, այդ օրերու տպագիր մամուլէն առնուած, «Իթթիհատ վէ Թերաքի»  կուսակցութեան բիրտ քաղաքականութիւնը, Ցեղասպանութիւնը փաստող էջեր, նոյն նպատակին ծառայող գիրքեր, Ցեղասպանութենէն վերապրողներու եւ ականատեսներու արձանագրած սրտաճմլիկ վկայութիւններ եւ հայկական կենացաղային հին իրեր, որոնք հայ գաղթականներուն ձեռքով հասած են Հալէպ: «Փրկուած բեկորներ» խորագիրը կրող այս ձեռնարկը իւրօրինակ էր նաեւ իր մատուցման ձեւով: Վերապրեցնելով ջարդուած, քանդուած ու աւարի ենթարկուած հայկական նահանգները, քաղաքներն ու գիւղերը` ցուցադրուած արժէքաւոր իրերը բաժնուած էին ըստ իրենց բերման վայրին: Իւրաքանչիւր քաղաքի յատկացուած էր ցուցափեղկ մը, ուր տեղադրուած էին տուեալ քաղաքին պատկանող իրերը, եւ պատանի աղջիկներ նշուած քաղաքի աւանդական տարազներով կը դիմաւորէին այցելուները եւ տեղեկութիւններ կու տային ցուցափեղկի պարունակութեան մասին:

Վաւերագրական այս ցուցահանդէսին այցելուները առիթը ունեցան զրուցելու Միհրան Մինասեանին հետ, որ սիրայօժար պատասխանեց անոնց հարցումներուն: Պէտք է նշենք, որ ցուցահանդէսը այցելեցին նաեւ այլազգի հայասէրներ, եւ հեռարձակուեցաւ սուրիական պետական  պատկերասփիւռի կայանէն:

«Փրկուած բեկորներ» խորագրով այս ցուցահանդէսը խորիմաստ է ու կարեւոր մեզի`  փրկուած բեկորներուս համար: Հայոց  ցեղասպանութեան այս փաստ-հաւաքածոն տակաւին փոքր մաս մըն է փաստերու այդ երկար շարանին մէջ, զոր աշխարհը եւ յատկապէս թուրքը կը յամառի կոյր ձեւանալ, արեւի պէս յստակ իրողութեան առջեւ, ամէն ջանք թափելով արեւը պահելու ամպերու ետին, բայց որքա՞ն կարելի է արդեօք:

Հալէպ

Share this Article
CATEGORIES