Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Տարեցներու Եւ Իրենց Շրջապատին Միջեւ Ծագած Տարակարծութիւնը Յաղթահարելու Միջոցներ» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի եւ Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 մայիս 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեցներու եւ իրենց շրջապատին միջեւ ծագած տարակարծութիւնները յաղթահարելու միջոցներ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հոգեբան Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ օրուան դասախօսութեան նիւթը բնականաբար երեւոյթ մըն է, որ գոյութիւն ունի բոլոր տուներուն մէջ, ուր կը գոյակցին երէց սերունդի եւ երիտասարդ սերունդի անդամներ. իւրաքանչիւր կողմ հաստատ մնալով իր համոզումներուն վրայ, պատճառ կը դառնայ տարակարծութիւններու ու վէճերու: Պէտք է զիջիլ, լայնախոհութեամբ եւ համբերանքով վարուիլ` յարգելով դիմացինին ինքնութիւնը:
Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան սկսաւ իր դասախօսութեան ներկայացնելով երկու իրականութիւններ, որոնք անխուսափելի են` ա.- մահը, բ.- ծերութիւնը: Որքանով ներկայ աշխարհի տարբեր մարզերու մէջ հարցերը կը փորձեն լուծել տարբեր կերպով, այս երկուքը կը մնան անփոփոխ: Ահա այս պայմաններուն ներքեւ մենք ընտրութիւն չունինք, այլ ունինք կարելիութիւնը եւ առիթը մեր կեանքի որակական բարելաւման:
Շարունակելով դասախօսը նշեց տարիքը չափելու չորս հասկացողութիւններ.
1.- Տարիներու գումարը` հաշուըուած:
2.- Մեր կենսաբանական տարիքը:
3.- Մտաւոր- բանականութեան, կարողութեան տարիքը:
4.- Զգացական- հոգեբանական տարիքը:
Առողջապահական-բժշկական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մարդ անհատը կը սկսի ծերանալ 25 տարեկանէն սկսեալ, երբ աստիճանաբար տարբեր համեմատութեամբ բջիջներ կը մահանան: Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան բացատրեց, թէ տարիքի յառաջացումը կը յատկանշուի տարբեր փոփոխութիւններով եւ այս բոլորին հիմքը կը կազմէ կորուստի զգացումը, վախը:
ա.- Կորսնցնել բարեկամներ, կին/ամուսին:
բ.- Կորսնցնել զաւակներ, երբ անոնք կ՛ամուսնանան:
գ.- Կորսնցնել պաշտօն, երբ հանգստեան տարիքին կը հասնին:
դ.- Ընկերային կապերու-յարաբերութիւններու կորուստը:
ե.- Գեղեցկութեան, գրաւչութեան կորուստ:
զ.- Ֆիզիքական առողջութեան կորուստ:
է.- Սեռային յարաբերութեան կորուստ:
Ահա այս հանգրուանին տարեցը կը դառնայ աւելի դիւրագրգիռ, ջղային, յաճախ փորձելով ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս մեկուսանալով հեռու մնալ շրջապատէն: Ապագայի նկատմամբ անտարբեր եւ նուազ նախաձեռնող ու ծրագիրներ մշակող տարեցին մօտ կը շեշտուի անձնասիրութիւնը եւ իր անձին վրայ կեդրոնացումը:
Տարեցը կը դառնայ երեւակայական հիւանդ մը` յաճախ շրջապատին ուշադրութիւնը գրաւելու եւ ուղղելու իր անձին վրայ: Անոնք դժուարութեամբ կ՛ընդունին որեւէ փոփոխութիւն իրենց կեանքին կամ շրջապատին մէջ, ու իրենց տարիքը օգտագործելով յաճախ կը դառնան հրահանգող:
Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան այս բաժինով ներկայացուց տարբեր լուծումներու միջոցներ` բարելաւելու վերոնշեալ երեւոյթները:
1.- Զգաստանալ ու ինքնաքննարկումի ճամբով փորձել ինքզինք լաւ հասկնալ:
2.- Փափաք ունենալ փոխուելու եւ լուծելու հարցերը:
3.- Ընդունիլ, որ օրերը փոխուած են եւ դադրիլ անցեալին մէջ ապրելէ:
4.- Անպայման ունենալ տարբեր տարիքի բարեկամներ:
5.- Աւելի հոգ տանիլ սննդականոնին, առողջական վիճակին ու մարզանքներով բարելաւել կացութիւնը:
6.- Նոր զբաղումներ որոնել, ձեռային աշխատանքներ, միութենական աշխատանքներ, գծագրութիւն…
7.- Միշտ դուրս ելլել, փորձել շարունակաբար կապը պահել արտաքին աշխարհին հետ:
Վերջին բաժինով դասախօսը ներկայացուց շարք մը ընդհանուր կէտեր, որոնք ուղղուած են բոլոր տարիքի անհատներուն:
ա.- Հարցերը լուծելու պարագային հանդարտութիւնը, հանգիստ խօսակցութիւնը հիմնական տուեալներ են:
բ.- Փորձել միշտ հասկնալ, յետոյ հասկցնել, մտիկ ընել, ուշադրութեամբ ու կեդրոնացումով:
գ.- Չդատել, չքննադատել, միշտ պէտք է սկսիլ ամէն մէկը իր անձէն ու յետոյ դիմացինէն:
դ.- Կարեկցիլ, պահ մը անձդ դնել դիմացինին տեղը եւ լաւապէս հասկնալ կացութիւնը:
ե.- Անպայման հարցերը դիտել եռանկիւնի ընդմէջէն եւ ոչ թէ հարցը պահել քու եւ դիմացինի շրջագիծին մէջ, այլ դուն եւ այն անձը միասնաբար դիտել հարցը ու պարզուած կացութիւնը:
Աւարտին Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան գործնական օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

