2011-2012 Տարեշրջանի Լեվամ-Ի Մարզախաղերու Փակման Հանդիսութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, 2011-2012 տարեշրջանի ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերուն փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 13 մայիս 2012-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ու հոծ բազմութեան, որոնք ողողած էին մարզադաշտը:

Յայտագիրի սկիզբը Զաւէն Տէր Պետրոսեան մէջբերում մը կատարեց Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերէն.

«Յարգելի՛ ներկաներ, բարի եկած էք ԼԵՎԱՄ-ի 46-րդ  խաղերու փակման հանդիսութեան: Այս ձեռնարկը, որ կը համախմբէ բոլոր հայկական վարժարանները, զանազան մարզախաղերու միջոցով եւ դրական մրցակցութիւն մը ստեղծելով կ՛օգնէ, որ իւրաքանչիւր հայ դպրոցական մարզիկ ձգտի իր լաւագոյնին, մնայ առողջ եւ կորովի:

«ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի մրցումները նաեւ հիմնական միջոց մըն են իրագործելու ՀՄԸՄ-ի հիմնական նպատակները, կերտելու առողջ, հայրենասէր, արի եւ ազնիւ հայեր, ինչպէս ասկէ 66 տարիներ առաջ Նիկոլ Աղբալեան կը հաստատէ` «Մեծ է դերը ՀՄԸՄ-ի: Այս դերը ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է ազգային բարձր գիտակցութիւն, այսինքն` մեր ուժերու, մեր արժէքի, մեր ընթացքի եւ նպատակի պայծառ ըմբռնում: Յարգանք եւ պատկառանք այս աշխարհին մէջ ուժով կը ստացուի, կը պարտադրուի եւ կը ներշնչուի: Իսկ ուժեղ են, առողջն ու կորովին»:

(Նիկոլ Աղբալեան – 15 յունուար  1944)

Ապա յայտագիրը բացուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի անդամ Շաղիկ Ճինպաշեան, որ ըսաւ. «Բարի գալուստ կը մաղթենք ձեր բոլորին: Ամբողջ տարեշրջան մը եւս միասնաբար գործակցելէ ետք ահաւասիկ հասաւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերու փակման օրը: Յոյսով ենք, որ յառաջիկայ ուսումնական վերամուտին հետ մենք կ՛ունենանք նոր ժամադրութիւն` նորանոր հորիզոններով ու տեսիլքով` անգամ մը եւս յաջողութեան հասցնելու համար ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերը, մրցելով մարզական ոգիով ու հայավայել, իրագործելու համար ԼԵՎԱՄ-ի նպատակը, որն է ու կը մնայ եղբայրական մթնոլորտի մէջ մարզական մրցակցութիւն ունենալ, դպրոցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան կողքին ստանալ նաեւ մարմնակրթական դաստիարակութիւն` ըլլալու համար տիպար հայ քաղաքացիներ:

Կեցցէ՛ ԼԵՎԱՄ-ը:

Կեցցէ՛ հայ դպրոցը»:

 

Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան արտասանեց Շրջանային վարչութեան խօսքը` ըսելով.

«սիրելի՛ ներկաներ,

ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերու ութ ամիսներու վրայ երկարող երկարաշունչ մարաթոնին փակման օրն է այսօր:

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ ինչպէս նախանցեալ տարիներուն, այս տարի եւս կրցանք յաջող կերպով իր լաւագոյն աւարտին հասցնել ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերը:

Վերջին տարիներուն դպրոցներու մասնակցութեան թիւը աճ արձանագրեց, ինչպէս նաեւ տարուէ տարի մենք ունեցանք ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերու մասնակցութեան թիւի աճ:

Այս բոլորը  կը պարտինք ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի անդամներու ժրաջան աշխատանքին եւ իրենց լաւապէս կազմակերպած ու գործադրած ծրագիրին, որուն յաջողութեան մէջ իրենց անսակարկ օժանդակութիւնը ունեցան ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցող վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչներն ու պատասխանատուները, որոնց բոլորին կ՛ըսենք վարձքերնիդ կատար:

Հպարտօրէն կու գանք յայտարարելու, որ այս տարեշրջանին ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 26 հայկական վարժարաններ եւ մօտաւորապէս 900 աշակերտներ, ինչ որ աննախընթաց է 1966-էն ի վեր ծնունդ առած ԼԵՎԱՄ-ի պատմութեան մէջ:

Առիթը պատեհ կը զգանք շնորհակալութիւն յայտնելու ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերու հովանաւոր Հայկազեան համալսարանին եւ համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեանին, որ տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի ԼԵՎԱՄ-ի առաքելութեան  եւ անոր յաջողութեան:

Սիրելի՛ ներկաներ,

Այսօրուան հանդիսութիւնը փակման արարողութեան առաջին արարն է միայն:

Ժամադրուած ենք ներկայ գտնուելու փակման հանդիսութեան երկրորդ արարին`  27  մայիսին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, հպարտօրէն տողանցելու համար Մայիսեան յաղթանակի ոգիով` վերանորոգելով մեր ուխտը, որ օր մը անպայման պիտի տողանցենք Արարատի փէշերուն, մեր հայեացքները սեւեռած անոր գագաթին ծածանող Եռագոյն դրօշին:

Ապրի՛ք սիրելի տղաք ու աղջիկներ,

Հազար ապրի՛ք:

Կեցցե՛ն հայկական վարժարանները:

Յաւե՛րժ ապրի հայութիւնը»:

 

Հայկազեան համալսարանի խօսքը արտասանեց դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ըսաւ.

«Շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւն:

Թերեւս այս յայտագիրին վրայ ՀՄԸՄ-ի տարբեր պատասխանատուներէ զատ եթէ միակն եմ, որ հոս պիտի կանգնիմ, եկէք բոլորս ՀՄԸՄ-ին ծափահարութեամբ մը շնորհակալութիւն ըսենք այս գեղեցիկ տարուան համար:

Ես շատ կարճ վեց կէտերով պիտի ամփոփեմ խորհուրդներս.

Տղաք եւ աղջիկներ, աշակերտներ, սիրելիներ:

Եթէ մրցում չըլլար, այդ ժամանակ ամէն մարդ պիտի կարծէր, որ ինք լաւագոյնն է, առաջինն է եւ սորվելիք բան չունի, փորձ պէտք չունի ընելու:

Եթէ իրաւարար չըլլար, ամէն մարդ պիտի կարծէր, որ իրն է իրաւունքը, իրն է յաղթանակը:

Եթէ մարզող չըլլար, ամէն մարդ իր տկարութեան մէջ պիտի մրցէր մնացեալներուն հետ:

Եթէ մարզիկ չըլլար, խաղ պիտի չըլլար:

Եթէ հայ դպրոց չըլլար, միասին առիթ պիտի չունենայինք հաւաքուելու, ծանօթանալու, գործակցելու եւ միասնաբար բարձր պահելու հայ երիտասարդին, պատանիին անունը:

Եւ եթէ այս բոլորը հաւաքողը չըլլար, ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի ջանքը չըլլար, իւրաքանչիւրդ առանձինը պիտի տառապէր տկարութենէն եւ պիտի մեկուսանար իր մարզանքին մէջ:

Ես կը մաղթեմ, որ ձեր մարզանքը ըլլայ մտքին, մարմինին, հոգիին եւ նկարագիրին մէջ, բարձր մնայ ձեր անունը, ձեր բարոյականը, ձեր մարմնի, մտքի եւ հոգիի զօրութիւնը:

Ապրի՛ք բոլորդ,

Շնորհաւորութիւն»:

 

Արտասանուած խօսքերուն յաջորդեց գեղարուեստական պար մը` ներկայացուած Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանի աշակերտներու կողմէ:

 

 

 

 

Ապա տեցի ունեցաւ պասքեթպոլի «Օլ Սթար կէյմ»-ը, որուն ընթացքին մրցեցան նախկին ու ներկայ ԼԵՎԱՄ-ի մարզիկները:

 

Առաջին քորթըրի աւարտին տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարքին մրցանակ ստացող աշակերտներու վկայագիրի բաշխումը, զոր կատարեցին Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Նապիլ Պատըր, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան եւ ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վարդան Նաճարեան:

Կիսախաղին  ներկաները դարձեալ առիթը ունեցան վայելելու լիբանանահայ վարժարաններու ախոյեան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի փոքրերու պարախումբը, որ ներկայացուց արաբական «Տապքէ» եւ զմայլեց բոլոր հանդիսատեսները:

Գ. քորթըրի աւարտին տեղի ունեցան մարաթոնի, դաշտային խաղերու ու փինկ փոնկի մրցանակակիրներու վկայագիրի բաշխումները, զորս կատարեցին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ապտալլա Շեհապ, Շրջանային վարչութեան անդամներ Նազօ Հապիպեան եւ Հայկ Թապաքեան:

 

 

 

 

 

 

Մրցումի աւարտին իրաւարարները ստացան իրենց յուշանուէրները ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանէն, ՀՄԸՄ-ի վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեանէն եւ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական ֆութպոլիստ Յովհաննէս Հուսամեանէն:

 

 

 

 

Նաեւ դպրոցները, որոնք մասնակցած էին ֆութպոլի եւ մինի ֆութպոլի մրցաշարքերուն:

Առաւելագոյն կոլ նշանակող մարզիկ ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական մեծ ֆութպոլի խաղերուն`
Շանթ Պալեան (Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան)

Լաւագոյն մարզիկ ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական մեծ ֆութպոլի խաղերուն` Նարեկ Ատուրեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)

Առաւելագոյն կոլ նշանակող ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական մինի ֆութպոլի խաղերուն` փոքր տղոց` Կարէն Կարապետեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան երկրորդական վարժարան)

Առաւելագոյն կոլ նշանակող ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական մինի ֆութպոլի խաղերուն`
Միջակ տղոց` Յակոբ Յակոբեան (Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան)

Առաւելագոյն կոլ նշանակող ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական մինի ֆութպոլի խաղերուն`
մեծ տղոց` Արա Փանոսեան (Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան)

Լաւագոյն մարզիկ  ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական մինի ֆութպոլի խաղերուն`
միջակ տղոց` Շանթ Գէորգեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)

Լաւագոյն մարզիկ  ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական մինի ֆութպոլի խաղերուն`
Մեծ տղոց` Յակոբ Նաճարեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)

Պասքեթպոլի խաղերուն մրցանակները բաշխեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Եղիա Սրապոնեան:

Պասքեթպոլի իրաւարարի յուշանուէրի յանձնում

Առաւելագոյն կէտ նշանակող ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական պասքեթպոլի խաղերուն`
Մեծ աղջիկներ` Մակի Զաքարեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)

Եւ Լարա Գրաճեան  (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)

Առաւելագոյն կէտ նշանակող ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական պասքեթպոլի խաղերուն`
մեծ տղոց` Թորոս Մենտիլեան (Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան)

Առաւելագոյն կէտ նշանակող ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական պասքեթպոլի խաղերուն`
միջակ տղոց` Արամ Աբրահամեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան)

Առաւելագոյն ռիպաունտ հաւաքող ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական պասքեթպոլի խաղերուն`
մեծ տղոց` Վիգէն Ղորղորեան (Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան)

Առաւելագոյն ռիպաունտ հաւաքող ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական պասքեթպոլի խաղերուն`
միջակ տղոց` Տանի Թորոսեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան երկրորդական վարժարան)

Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան մրցանակները յանձնեց`

 

 

 

 

ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկուհիին`
Մեղրի Թորոս (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան)

ԼԵՎԱՄ-ի  պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկին`
Թորոս Մենտիլեան (Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան)

ԼԵՎԱՄ-ի լաւագոյն մարզիկուհի`
Լորի Թաշճեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)

ԼԵՎԱՄ-ի լաւագոյն մարզիկի`
Սարհատ Գեթսեմանեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)

ԼԵՎԱՄ-ի լաւագոյն արդիւնք արձանագրող մարզիչ`
Վարդուկ Մարգարեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)

1918-ի ՀՄԸՄ-ի պաշտօնական հիմնադրութենէն տարիներ առաջ իսկ ՀՄԸՄ-ի գաղափարն ու անհրաժեշտութիւնը կ՛եռար հայոց սրտերուն մէջ:

1912-ի Միջազգային 5-րդ ողիմպիական խաղերէն ետք, որոնց մասնակցած էին միայն 2 հայեր, կը հիմնուի մարմին մը, որ կը նպատակադրէ կազմակերպել հայոց մարզական կեանքը, որպէսզի 4 տարիներ ետք, Ողիմպիական 6-րդ խաղերուն, հայոց մասնակցութիւնը  ըլլայ շատ աւելի տպաւորիչ:

Այս մարմինը կը կոչուի Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութիւն: Ան առաջին քայլ մըն էր ՀՄԸՄ-ի` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան ստեղծման, ստեղծելու դրական մրցակցութեան ոգի մը, որ պիտի օգնէր հայ մարզական կեանքի յառաջխաղացին, ճիշդ ինչպէս այսօր ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ը կ՛իրագործէ հայ վարժարաններուն մէջ:

Կեցցե՛ն հայ մարզիկները:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգով:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

(www.levam.org)

 

Share this Article
CATEGORIES