Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն Ետք Յոյները Դրամատուներէն Իրենց Գումարները Կը Վերցնեն
«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչ Կէորկիոս Փրովոփուլոս Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասին յայտնած է, որ ելեւմտական հաստատութիւնները իրենց ապագային նկատմամբ անհանգստացած են, որովհետեւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք քաղաքացիները դրամատուներէն կը հանեն իրենց գումարները:
«Ներկայ պահու դրութեամբ յոյները դրամատուներէն վերցուցած են շուրջ 700 միլիոն եւրօ: Տակաւին խուճապ չկայ, սակայն գոյութիւն ունի մեծ մտավախութիւն, որ կրնայ խուճապի վերածուիլ», ըսած է Փափուլիաս:
Յունաստանի մէջ համաձայնական կառավարութիւն ձեւաւորելու բանակցութիւնները յաջողութեամբ չեն աւարտած: Երկրին մէջ դարձեալ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:
Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէ յայտարարած է, որ եթէ Յունաստան կ՛ուզէ եւրոյի գօտիին մէջ մնալ, ապա պէտք է գործէ համաձայն նախապէս համաձայնեցուած պայմաններուն, ներառեալ` տնտեսական խիստ միջոցառումներ իրականացնէ:
Նշենք, որ Յունաստանի մէջ համաձայնական կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերուն ձախողութենէն ետք երէկ յայտարարուեցաւ, որ 17 յունիսին դարձեալ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:


