Քաթարական Ընդդիմութիւնը Կոչ Կ՛Ուղղէ Քաթարի Իշխանը Տապալելու
«Անպա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արտերկրի մէջ գտնուող քաթարական ընդդիմութիւնը կոչ ուղղած է Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանին տապալելու եւ շէյխ Ապտել Ազիզ պըն Խալիֆա պըն Համատ Ալ Թանին հռչակած է իշխան: Ընդդիմութիւնը իշխանին եւ անոր կնոջ վարած քաղաքականութիւնը «ամօթալի» նկատած է:
Քանատայի մէջ հաստատուած քաթարական ընդդիմութիւնը Քաթարի իշխող Ալ Թանի ընտանիքէն եւ քաթարական մեծ ընտանիքներէ 65 անհատներու ստորագրութիւն կրող հաղորդագրութեան մը մէջ թուած է շէյխ Համատի կառավարութեան կողմէ Քաթարի ժողովուրդը ճնշող վարմունքները եւ ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ «շրջանին զարգացումներուն նկատմամբ քաթարական «ամօթալի» կարգ մը կեցուածքները»:
Ընդդիմութիւնը քննադատեց «ինքնութեան բռնագրաւումին եւ պետական դրամի յափշտակման նկատմամբ անտարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիները պարտքերով սպառելու, աւելի՛ն, Իսրայէլի հետ վարկաբեկիչ յարաբերութիւնները, այլ երկիրներու դէմ արաբականութեան եւ իսլամութեան դէմ եղող դաւերը» եւ շարք մը այլ կէտեր:
Արտասահմանի քաթարական ընդդիմութիւնը հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց, որ իշխանութիւնը կը յանձնէ «հաւատարիմ» շէյխ Ապտել Ազիզ պըն Խալիֆա պըն Համատ Ալ Թանիին, որ «Քաթարը իշխելու արժանի է»:
Ընդդիմութիւնը կոչ ուղղեց «նոր պետութեան» հաստատման ու ամրապնդման համար աշխատանքի սկսելու եւ մերժեց իշխանութեան ժառանգութեան գաղափարը:


