«Քուէարկութեան Արդիւնքները Ցոյց Կու Տան, Որ Սուրիացի Ժողովուրդը Տակաւին Կը Շարունակէ Բարեկարգչական Երթին Զօրակցիլ» Կ՛Ըսէ Ասատ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռուսիա24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները կարեւոր քայլ էին եւ մաս կը կազմեն «իշխանութիւններուն գործադրած բարեփոխումներուն»:
Ան շեշտեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը չսարսափեցաւ սպառնալիքներէն ահաբեկիչներուն, որոնք փորձեցին ընտրութիւնները ձախողութեան մատնել կամ իշխանութիւններուն ստիպել զանոնք ջնջել»: Ասատ ընդգծեց, որ «քուէարկութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ սուրիացի ժողովուրդը տակաւին կը շարունակէ օրեր առաջ Դամասկոսի յայտարարած բարեկարգչական երթին զօրակցիլ»:
Իրանի նախագահի միջազգային հարցերով օգնական Ալի Սաատիլօ յայտնեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները սուրիացիներուն կողմէ «իրենց երկրի թշնամիներուն դաւերուն ուժգին պատասխան մըն էին»` աւելցնելով, որ «սուրիացի ժողովուրդը ինք պէտք է իր ճակատագիրը ճշդէ»: Ան նախատեսեց, որ Սուրիա «դրական եւ խոստմնալից ապագայ մը» ունենայ:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ մթնոլորտին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելը «հեգնական» կը նկատէ` աւելցնելով, որ իրենք այս ընտրութիւններուն կարեւորութիւն չեն ընծայեր:
Նուլընտ ըսաւ, որ «Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ ներկայ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցող որեւէ բան ազատ, արդար, թափանցիկ կամ ժողովուրդին կամքը արտացոլող չի նկատեր»: Ան ըսաւ, որ «խորհրդարանական ընտրութիւնները կ՛իյնան ապօրինի հոլովոյթի մը եւ ապօրինի ժամկէտի մը ծիրին մէջ»:
Բանբերը Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մագլցումին, համայնքայնութեան խորացման եւ վարչակարգին կողմէ քաղաքական փոխանցումը չարտօնելուն առնչութեամբ Ուաշինկթընի խոր մտահոգութիւնը յայտնեց:
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի իր կարգին Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մագլցումի երեւոյթին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու խոր մտահոգութիւնը յայտնեց, «ուստի կը շարունակենք մեր գործընկերներուն հետ ճնշում բանեցնել Ասատի վարչակարգին վրայ, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ հեռանայ իշխանութենէն եւ սուրիացիները կարենան դէպի ժողովրդավարութիւն անցումը կատարել»:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կը հաւատայ, որ քաղաքական լուծումը այս տագնապին լաւագոյն լուծումն է` աւելցնելով, որ իրենք իրենց միջազգային գործընկերներուն հետ կը քննարկեն քաղաքայիններուն պաշտպանութիւնը ապահովելու միջոցառումները:
Նշենք, որ յորդանանեան «Ղատ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Յորդանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի մէջ 10 տարիէ ի վեր մեծագոյն ռազմափորձը, որուն կը մասնակցին 19 երկիրներէ 12 հազար զինուորներ, ներառեալ` ամերիկացիներ, ֆրանսացիներ եւ արեւմուտքին դաշնակից արաբական երկիրներէ զինուորներ:
Օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ թէեւ այս ռազմափորձը «Ալ Ասատ Ալ Մութաահեպ» (Պատրաստ առիւծը) կը կոչուի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի անունը կը յիշեցնէ, սակայն Սուրիոյ դէմ ուղղուած չէ եւ սուրիական սահմանէն շատ հեռու` հարաւային Յորդանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի քաթարական «Ռայա» օրաթերթին յայտնեց, որ ներկայիս ջանքերը կեդրոնացած են Սուրիոյ մէջ ամբողջական զինադադարի ապահովման վրայ: Ան ըսաւ, որ տակաւին տագնապի քաղաքական լուծման առիթ գոյութիւն ունի եւ ոչ ոք Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծում կը փափաքի:
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը անցեալ շաբաթներուն ընթացքին սկսած է ստանալ աւելի մեծաքանակ եւ լաւ զէնքեր, որոնց գինը Ծոցի երկիրները կը վճարեն` Միացեալ Նահանգներու հետ մասնակի համակարգումով: Օրաթերթը կը նշէ, որ նշեալ զէնքերը կը պահուին Դամասկոսի, Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող Իտլիպի եւ Լիբանանի սահմանին մօտ գտնուող Զապատանիի մէջ` նշելով, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ այս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ արեւելեան Սուրիայէն քրտական պատուիրակութեան մը հետ ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են իր ուժերուն մէկ մասը երկրին արեւմուտքէն արեւելք փոխադրելու ստիպելու նպատակով սուրիական բանակին դէմ նոր ճակատ մը բանալու կարելիութիւնը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի ականաւոր անդամ մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ խորհուրդը յառաջիկայ օրերուն Թուրքիոյ ճամբով Սուրիա զէնքեր պիտի ուղարկէ: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ապահովական ուժերը Հոմսի մէջ գտնուող բնակարանի մը հիմերուն մէջ պահուած զէնքեր, ինչպէս նաեւ պայթուցիկ նիւթերով լեցուած սիթեռն մը եւ գաղտնի վայրերու մէջ պահուած զէնքեր ու զինամթերք գրաւած են: Անոնք Հոմսի մէջ նաեւ ապահովական ուժերու անցարգելներուն դէմ յարձակում գործելնուն ընթացքին զինեալներ ձերբակալած են: Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ «վերջին դէպքերուն մեղսակից եւ իրենց ձեռքերը արիւնով չներկուած 250 ձերբակալեալներ ազատ արձակուած են»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիական ազատ բանակը Իտլիպի Խան Շէյխուն շրջանին մէջ ՄԱԿ-ի խմբակին 5 միջազգային դէտեր յանձնած է: Միջազգային դէտերու առաքելութեան ղեկավար զօր. Ռոպըրթ Մոտ սուրիական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ 6 դէտերը, որոնց դէմ երէկ Խան Շէյխունի մէջ ականահարում տեղի ունեցած էր, «ազատ արձակուած են»: Ան սուրիական բանակին եւ շրջանի բնակչութեան շնորհակալութիւն յայտնած է դէտերուն նկատմամբ իրենց լաւ վերաբերմունքին համար:

