Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի միջադէպերը արձանագրուած են քաղաքական որոշումի մը հետեւանքով` աւելցնելով, որ իսլամ բանտարկեալներուն թղթածրարին լուծումը պիտի կատարուի յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմակերպելու ազգային խորհրդաժողով մը, որուն նպատակը կ՛ըլլայ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հաշտեցումը, կը լուծէ բացթողումները եւ կը հաստատէ քաղաքական բոլոր ուժերուն պատկանելիութիւնը` լիբանանեան պետութեան:

ՊԵՆԶԻՆԻ թիթեղին սակը նուազած է 1100 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 400 լ. ոսկիով:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, արմատական իսլամականներ մուտք գործած են Լիբանան` ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու նպատակով: Անոնց գործողութիւնները կ՛ընդգրկեն նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու ահաբեկումը, որոնց շարքին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ահաբեկումը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի կը հաստատէ, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձի յաւելումը մօտիկ ապագային պիտի վաւերացուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները զսպելու առումով լիբանանեան պետութեան կարողութիւնները բաւարար են, յատկապէս երբ երկրին մէջ գործող քաղաքական ուժերը պատրաստ են պետութեան նեցուկ կանգնելու եւ այդ իմաստով քաղաքական որոշումներ տալու:

Զասպիքին դրուատեց լիբանանեան իշխանութիւններուն ջանքերը` Լիբանանի մէջ Քայիտայի դէմ պայքարելու իմաստով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն կարելի է գոյացնել երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցութեամբ: Ան զարմանք յայտնեց Դիմադրութեան զէնքին եւ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին միջեւ գծուած զուգահեռներուն համար:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդգծեց, որ Թրիփոլիի բնակչութեան գիտակցութիւնն է, որ Թրիփոլին փրկած է քաոսի մը մէջ մուտք գործելէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը չի պաշտպաներ լիբանանցիները: Ան շեշտեց, որ իրենց համար երբեք ընդունելի պիտի չըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ոչ մէկ պարագայի եւ ոչ մէկ ձեւով պէտք է զօրակցիլ զէնքի գոյութեան եւ զինեալ երեւոյթներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն եւ աւելի ուշ անոնց ունենալիք հետեւանքներուն շուրջ պատասխանատուութիւն կայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակին պէտք է արտօնութիւն տալ ապազինելու ամբողջ Թրիփոլին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ նշեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ Շատի Մաուլաուին ձերբակալելու քայլին մէջ դիտումնաւոր շանթաժ կայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ նշեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է վերջնական ծրագիր մը որդեգրէ` Թրիփոլիի տագնապին վերջ տալու համար:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներ հաստատած են, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը հեռու պահել Սուրիոյ վարչակարգէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Խալետ Տահեր ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի, եթէ կարելի չըլլայ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը Լիբանան կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին նախագահական պալատին մէջ պիտի արտասանէ շատ կարեւոր եւ պատմական ճառ մը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ընդունեց նախկին նախարար Թարեք Մըթրին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մըթրի յայտնեց, որ քաղաքական տարակարծութիւններուն գոյութիւնը պէտք չէ պատճառ դառնայ Լիբանանը զինեալ բախումներու թատերաբեմ դարձնելու:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը Թրիփոլիի իրադարձութիւններուն պատասխանատու նկատեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւնները վարչապետ Նեժիպ Միքաթին շանթաժի ենթարկելու փորձեր են:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Լիբանանի դէմ ոտնձգութիւններ գործեց` ցած մակարդակի թռիչքներ եւ ռմբակոծումներ գործելով Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES