«Միջազգային Ճնշումները Պիտի Չարգիլեն Դիմադրութեան Նկատմամբ Մեր Զօրակցութիւնը» Հաստատեց Ապատի

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Իրան կ՛օժանդակէ բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին թշնամի Իսրայէլի դէմ: «Մենք պիտի շարունակենք օժանդակել իսրայէլեան գոյացութեան դէմ պայքարող բոլոր տարրերուն, որովհետեւ այդ կեցուածքը սկզբունքային է եւ արձանագրուած իրանեան սահմանադրութեան մէջ», ըսաւ Ապատի:

Ան հաստատեց, որ միջազգային ճնշումները որքան ալ ծանր ըլլան, իրենք պիտի չդադրեցնեն Դիմադրութեան նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES