Շէյխ Քապալան Ընդունեց Ասիրին

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ Քապալանի փոխանցեց Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխան Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզի ողջոյնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցերը:

Շէյխ Քապալան եւ Ասիրի ընդգծեցին լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն շահերուն ծառայելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES