Օ Ֆերրըլ Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Աւստրալիա-Լիբանան Գործակցութիւնը

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Պերի Օ Ֆերրըլ յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը փոխադարձ այցելութիւն մըն է` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Աւստրալիա կատարած այցելութեան, եւ անոր նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել եւ զանազան մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւններ ստեղծել:

Օ Ֆերրըլ հաստատեց, որ տնտեսական եւ մշակութային առումով երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու մեծ առիթներ կան:

Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ոստիկանական վարժութիւններու շրջագիծին մէջ երկու երկիրները արդէն իսկ կը գործակցին` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային լիբանանեան ապահովական պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Սիտնի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES