Օմար Քարամէ Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը, Ուահապը Եւ Մըրատը

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ձախողեցնել բոլոր այն գրաւները, որոնք կը միտին պայթեցնել շրջանը, ինչպէս նաեւ տկարացնել Սուրիան եւ Դիմադրութիւնը:

Քարամէի այցելեց նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Քարամէի հետ քննարկած է հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Ուահապ յայտնեց, որ քաղաքացիներուն դէմ բարձրացող զէնքը նոյնը չէ, այն ինչ որ է Դիմադրութեան զէնքը:

Քարամէի այցելեց նաեւ Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES