Նախարար Սապունճեան Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Հետ Կը Ստորագրէ Համաձայնագիր Մը

Սապունճեան եւ Տորմըն կը ստորագրեն համաձայնագիրը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Փիթըր Տորմընի հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը` Ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող յատուկ ուսումնասիրութեանց մէջ արձանագրուած նուաճումներու ծրագիրին (ԼԻՐԱ) շրջագիծին մէջ:

Նախարար Սապունճեան դրուատեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին կողմէ այս ծրագիրին միանալու նախաձեռնութիւնը եւ կոչ ուղղեց զօրակցելու ԼԻՐԱ-ի ծրագիրին:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի տնտեսութեան հիմքը երկրին ճարտարարուեստն է` աւելցնելով, որ պէտք է ֆինանսաւորել Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող ներդրումային որեւէ ծրագիր:

Վ. Սապունճեան Այցելեց Շուէյֆաթ

Սապունճեան` Շուէյֆաթի մէջ

Վ. Սապունճեան նախանցեալ օր աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Շուէյֆաթ, ուր հաստատեց, որ ինք եկած է սերտելու այդ շրջանին մէջ ճարտարարուեստի կեդրոն մը ունենալու կարելիութիւններն ու ծրագիրները:

Ան մաղթեց, որ Շուէյֆաթը ըլլայ ճարտարարուեստի կեդրոն ունեցող առաջին լիբանանեան շրջանը:

Վ. Սապունճեան այցելեց նաեւ Շուէյֆաթի քաղաքապետարան, ուր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, որ Շուէյֆաթի հետ լիբանանեան պետութեան վարուելակերպը մերժելի նկատեց:

 

Share this Article
CATEGORIES