Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ վեց կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը` առանց համաձայնութիւն մը գոյացնելու երկրին ծախսերուն յատուկ օրինագիծին շուրջ:

Շուրջ երեք ժամ տեւած կառավարութեան նիստին ընթացքին, հիմնականին մէջ քննարկուեցան Թրիփոլիի ապահովական միջադէպերը:

Այս ծիրին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր պարտականութիւնը կատարեց` Թրիփոլիի մէջ ահաբեկչական այդ ցանցը ձերբակալելով: Ան աւելցուց, որ ձերբակալման ձեւին սխալ ըլլալուն համար կարելի չէ ազատ արձակել ձերբակալեալը:

Անդրադառնալով իսլամ արգելափակեալներու թղթածրարին` նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն սկսելու անոնց դատավարութեան եւ վճիռներու արձակումին:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է նուազագոյնը նախնական ամբաստանութիւն արձակել անոնց դէմ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակին եւ ապահովական բոլոր կառոյցներուն աշխատանքը դիւրացնել:

Այս առումով պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն իր կարգին շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է նիւթական յատկացումներ կատարէ, որպէսզի կարելի ըլլայ հոգալ ապահովական կառոյցներուն կարիքները:

Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ խստիւ դատապարտեց Թրիփոլիի դէպքերը, ինչպէս նաեւ քաղաքական այն ճառախօսութիւնները, որոնք այդ իմաստով սադրանքներ կը հրահրեն:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սլէյմանին, որ անմիջապէս նիստի հրաւիրած է Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը, որ ապահոված է լիբանանեան բանակի Թրիփոլի մուտքը:

Վարչապետ Միքաթի դրուատած է խաղաղ կերպով հարցերը լուծելու եղանակը` աւելցնելով, որ պէտք է պահպանել լիբանանեան պետութեան հանգամանքը:

Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղած է ամրապնդելու երկրին դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը` աւելցնելով, որ թէեւ Թրիփոլիի կացութիւնը խաղաղած է, սակայն ինք տակաւին մտահոգ է, որովհետեւ ոմանք կը փափաքին կրակին վրայ ձէթ աւելցնել:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է արտակարգ հաշիւ մը ունենալ` ապահովելու համար ապահովական կառոյցներուն կարիքները: Ան նշեց, որ 15 միլիառ լ. ոսկի արժողութեամբ գումար մը տրամադրուած է բանակին, իսկ 7,5 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը` ներքին ապահովութեան ուժերուն:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է նաեւ 2 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը` Մարզական աւանին ի նպաստ:

Share this Article
CATEGORIES