Պըրրի Կոչ Կ՛Ուղղէ Չանտեսելու Լիբանանցի Ղեկավարներու Դէմ Գործուելիք Սպանութեան Սպառնալիքները

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ` չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ:

Պըրրի դրուատեց Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ վերստին կոչ ուղղեց բոլորին` դիւրացնելու լիբանանեան բանակին աշխատանքները` հիւսիսային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ եթէ Թրիփոլիի բնակչութիւնը գիտակից չըլլար ստեղծուելիք աւելի լուրջ կացութեան եւ ինքնազսպումի չենթարկուէր, հարցը կրնար աւելի բարդանալ եւ լուրջ հետեւանքներ ունենալ:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ կարգ մը քաղաքական ղեկավարներու սպանութեան առումով տարածուած սպառնալիքները պէտք չէ անտեսել, որովհետեւ անոնք լուրջ են, վտանգաւոր եւ բոլորին կողմէ զգաստութիւն կ՛ենթադրեն:

Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին տեղակայման, ինչպէս նաեւ անոր տրամադրուած բոլոր դիւրութիւններուն համար, որովհետեւ անոնց շնորհիւ կարելի եղած էր պահպանել երկրին ապահովութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած էր հիւսիսային Լիբանանի քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն հետ:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմնացոյցը ճիշդ չէ` աւելցնելով, որ ինք յանձնառու է լիբանանեան բանակին ապահովութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES