Մինչ Զինադուլը Երկու Ժամ Խախտեցաւ Թրիփոլիի Մէջ Կացութեան Հանդարտեցման Աշխատանքները Շարունակուեցան

Թրիփոլիի մէջ հազիւ 24 ժամ տեւած փխրուն զինադուլը երէկ կէսօրէ ետք խախտեցաւ, երբ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները վերսկսան` պատճառելով վիրաւորներ:

Զինեալ բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան լիբանանեան բանակի երկու զինուորներ եւ տասը քաղաքացիներ:

Զինեալ բախումները, որոնք տեւեցին միայն երկու ժամ, կրկին դադրեցան, եւ բանակը կատարեց կարգ մը ձերբակալումներ ու գրաւեց մեծ թիւով զէնքեր:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ զինեալ բախումներուն պահուն կը գտնուէր Թրիփոլի, այցելեց քաղաքի Նուր հրապարակ եւ  նստացոյցին մասնակիցներուն խոստացաւ ձերբակալեալ Շատի Մաուլաուին դարձեալ հարցաքննել` իր պաշտպան փաստաբաններուն ներկայութեան:

Նախարար Շարպել շեշտեց, որ եթէ փաստուի Մաուլաուիի մեղսակցութիւնը, ապա ան կը բանտարկուի մինչեւ դատավարութիւն, ապա թէ ոչ ան ազատ կ՛արձակուի:

Անպաշտօն տեղեկութիւններու համաձայն, ներքին գործոց նախարարը որոշած է Թրիփոլի մնալ, մինչեւ այս թղթածրարին վերջնական փակումը:

Միւս կողմէ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Իտ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ հաստատուած զինադուլը վերջնական լուծում չի նկատուիր:

Ան պահանջեց վերջնական լուծում պարտադրել, ապա թէ ոչ հաստատեց, որ բոլոր կողմերը պիտի ուղղուին դէպի անորոշութիւն:

Անորոշութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռիֆաաթ Իտ իր կարգին հարց տուած է ըսելով. «Պահանջուածը սուրիական ուժերը դարձեալ Թրիփոլի հրաւիրե՞լն է: Առանց սուրիական բանակին հարցերը կարելի չէ՞ լուծել»:

Իտ նշեց, որ Թրիփոլիի միջադէպերը նուէր են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի Լիբանան եւ հիւսիսային Լիբանան այցելութեան:

Մարուան Շարպել Կը Նախագահէ
Ապահովական
Նիստի Մը

Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ Թրիփոլիի սերային մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի ապահովական բոլոր պատասխանատուներուն հետ:

Նիստին ընթացքին Շարպել յայտնեց, որ իսլամ արգելափակեալներուն թղթածրարը մինչեւ յառաջիկայ սեպտեմբեր պիտի լուծուի:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Շարպել մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանանը կազմող բոլոր համայնքներուն մօտ չափաւորականութիւնը կորսուած է:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պիտի լուծէ երկրին բոլոր հարցերը:

Շարպել նկատել տուաւ, որ Շատի Մաուլաուիի համար նշանակուած են երեք պաշտպան փաստաբաններ, որոնց կոչ ուղղեց սերտելու Մաուլաուիի թղթածրարը, եւ ինք անձամբ կը գործակցի անոնց հետ, որպէսզի անոնք եւս տեղեակ դառնան մանրամասնութիւններէն:

Ներքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ Թրիփոլիի քաղաքական գործիչները պէտք է կարեւոր դերակատարութիւն ունենան ու իրարու մօտ գալով նոյն վայրին մէջ ժողով գումարեն եւ ոչ թէ խումբ առ խումբ տարբեր վայրերու մէջ, որովհետեւ Թրիփոլիի կացութիւնը վտանգաւոր է: «Անհրաժեշտ է քաղաքականութիւնը մէկդի դնել եւ միախմբուիլ ու համախոհական լուծումներ գտնել», ըսաւ ան:

Նոյն վայրին մէջ Շարպել հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Թրիփոլիի Նուր հրապարակի նստացոյցին մասնակիցներուն հետ:

Ան ցուցարարներէն պահանջեց վերջ տալ իրենց շարժումին, որպէսզի բոլոր կողմերը շահաւէտ դուրս գան:

Share this Article
CATEGORIES